Նոյեմբեր 8-ին Ստեփանակերտի եւ այլ քաղաքներու մէջ նախատեսուած զինուորական տողանցքին ընդառաջ՝ Պաքու յաղթական յայտարարութիւն մը հրապարակած է՝ պնդելով, թէ 2020-էն ի վեր հասած է իր նպատակներուն ու վերականգնած Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Միաժամանակ, պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, թէ Պաքու Երեւանէն տակաւին ստանալիք ունի:
«Հայաստան մերժած է վերադարձնել ազերպայճանական 8 գիւղեր, որոնք ցարդ բռնագրաւուած կը մնան»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Ազերպայճանի նախագահի կայքին համաձայն՝ «ղարաբաղեան առաջին պատերազմէն յետոյ հայկական կողմը բռնագրաւած է Ղազախի շրջանի եօթը գիւղերը եւ մէկ գիւղ ալ՝ Նախիջեւանի Սադարակի շրջանին մէջ»։
Երեւանէն ալ բազմիցս հակադարձած են, յայտարարելով, թէ հայկական կողմն ալ 90-ականներէն ի վեր բռնագրաւուած տարածքներ ունի Ազերպայճանի մէջ։
Անցեալ ամիս Հանրայինին տուած հարցազրոյցին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած էր. «Մենք էլ մեր հերթին ասում ենք, որ մենք էլ 8 գիւղերի խնդիր ունենք, որովհետեւ նոյն Տաւուշի մարզում մենք ունենք Ադրբեջանի կողմից բռնագրաւուած տարածքներ Բերքաբեր, Այգեհովիտ, Վազաշէն, Պառաւաքար գիւղերում եւ այլ տարածքներում նոյնպէս»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։