Search
Close this search box.

Պաքու ու Անգարա Երեւանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու պատրաստակամութիւն յայտնած են`  կրկին յիշատակելով «Զանգեզուրի միջանցք»-ը

 

Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Պայրամով եւ Չաւուշօղլու, կրկին յայտարարած են, թէ պատրաստ են Հայաստանի հետ իրենց յարաբերութիւնները կարգաւորելու։ Ազերպայճանի նախարարը այս կապակցութեամբ անգամ մը եւս յիշատակած է «Զանգեզուրի միջանցք»-ը բանալու անհրաժեշտութիւնը, իսկ թուրք նախարարն ալ ընդգծած է, որ Անգարա իր քայլերը կը համակարգէ Պաքուի հետ։

Նշենք, թէ այս յայտարարութիւնները կատարուած են Տաշքենտի մէջ, ուր տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Ուզպէքստանի Արտաքին գործոց նախարարը։

“Ազերպայճան առաջարկած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ”,– ըսած է Պայրամով, աւելցնելով, որ՝ այդ կը նկատուի Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման հասնելու բանալին:

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարը, սակայն, չէ խօսած այս հարցով Հայաստանի ներկայացուած առաջարկներուն, մասնաւորապէս, Ղարաբաղի կարգավիճակն ու այնտեղ ապրող մարդոց անվտանգութիւնն ու իրաւունքները երաշխաւորելու մասին։ Փոխարէնը ան լայնօրէն անդրադարձած է տարածաշրջանային ճամբաներու բացման հեռանկարին։

*  *  *

Ներկայի զարգացումներու լոյսին տակ որքա՜ն անհեթեթ ու լպիրշ յայտարարութիւններ…։ Ըսել մէկ բան ու ընել ուրիշ բան, եւ անդադար…։ Բայց ցորչափ խանգարող չկայ՝ ինչո՞ւ չըլլայ…։