Ազերպայճանական APA գործակալութեան համաձայն՝ Ազերպայճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ յայտարարած է, թէ՝ «Ազերպայճանի հետ սահմանին երեք անցակէտ ստեղծելու մասին Հայաստանի կառավարութեան որոշումը կը նկատենք 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտով ստանձնուած պարտաւորութիւններու իրագործման կեղծում»։
“Որովհետեւ, նախ, ըստ մնայուն դիտարկումներու՝ այդ կէտերէն անցնող ճամբաները, լեռնանցքային եւ կլիմայական պայմաններու պատճառով, տարուան մեծ մասը պիտանի չեն Նախիջեւանի հետ երթեւեկութեան, ոչ ալ՝ միջազգային տարանցիկ երթեւեկութեան, որ ապաշրջափակման նպատակներէն մէկն է։
Բացի ատկէ, իբրեւ կանոն, անցակէտերը կը բացուին կողմերու համաձայնութեամբ։ Մինչդեռ, Ազերպայճանի հետ այս հարցին շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած։ Հետեւաբար, Ազերպայճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի միջեւ երթեւեկութեան վերաբերող 9-րդ կէտի պայմաններու չիրագործուելուն հիմնական պատճառն այն է, որ Հայաստան չի փափաքիր տրամադրել կառուղիի համար լաւագոյն պայմաններ ներկայացնող երթուղի”,– ըսած է Ազերպայճանի փոխվարչապետը։
Ան ընդգծած է, որ կարեւոր են նաեւ միջազգային տարանցիկ երթեւեկութեան եղանակներու ներդաշնակումը եւ այսպէս կոչուած ներքին փոխադրամիջոցներու պարզացուած կանոնակարգերը՝ փոխադարձաբար հաւասար պայմաններու մէջ. “Այս առումով, հայկական կողմին՝ այս նիւթին շուրջ շահարկումները եւ կեղծումը կը խեղաթիւրեն 20-ամսեայ բանակցային գործընթացին էութիւնը, կը յանգեցնեն անոր ձգձգման եւ, ի վերջոյ, Հայաստանի՝ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելուն”։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։