Search
Close this search box.

ՊԱՔՈՒ. Ռուսաստանի ու Ազերպայճանի հետախուզական ծառայութիւնները պիտի համագործակցին՝ պաշտպանելու երկու երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը 

Ռուսաստանի հետախուզական ծառայութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքին Երեւանէն ետք այցելած է Պաքու, ուր հանդիպում ունեցած է իր պաշտօնակցին հետ։ Յուլիս 19-ին կողմերը ստորագրած են համաձայնագիր մը՝ հետախուզութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ։ Նպատակը երկու պետութիւններու հողային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնն է։

“Այսօր (Յուլիս 19-ին) հանդիպումներ կայացան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ մեր պաշտօնակիցներուն հետ՝ Ազերպայճանի արտաքին հետախուզական ծառայութենէն՝ Օրհան Սուլթանովի գլխաւորութեամբ։ Նախագահին հետ հանդիպումին բարձր գնահատական տրուեցաւ մեր երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթին։ Ընդգծուեցաւ համագործակցութեան ռազմավարական բնոյթը եւ ապագայի հեռանկարները։ Ազերպայճանի արտաքին հետախուզական ծառայութեան պաշտօնակիցներուն հետ քննարկեցինք մեր խոր, մանրամասն գործակցութեան հարցերու լայն շրջանակ՝ ուղղուած Ազերպայճանի ու Ռուսաստանի շահերուն”,– յայտարարած է Ս. Նարիշքին։

 

Նարիշքին եւ իր ընտանիքին անդամները սերտ կապեր ունին Ազերպայճանի ղեկավարութեան հետ 

Հայ-ռուսական բարեկամութեան մասին Երեւանի մէջ կատարած Նարիշքինի յայտարարութեան ենթախորքին վրայ՝ «Ազատութիւն» լրասփիւռը կը յիշեցնէ հետաքննական լրագրութեամբ զբաղող ռուսաստանեան «Փրոյեքթ» հարթակի 2020 Դեկտեմբերի հրապարակումը, թէ Նարիշքինն ու իր ընտանիքին անդամները որքան սերտ կապեր ունին Ազերպայճանի նախագահի ընտանիքին, կառավարութեան եւ գործարար հանրութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

 

«Ռուսաստան Հայաստանի ու Արցախի մէջ հաւաքած հետախուզական տուեալները պիտի փոխանցէ Պաքուին»

Հասարակական գործիչ եւ իրաւապաշտպան, «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր եւ ծրագրերու համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեան այս մասին, վերոնշեալ խորագրին տակ, «Դիմագիրք»-ի իր էջին գրի առած է լուսաբանող ու մտահոգիչ, բայց նաեւ ազդարարական հետեւեալ տողերը.-

«Ռուսաստանի ու Ադրբեջանի հետախուզութիւնները, համաձայն այսօր ստորագրուած համաձայնագրի, կը համագործակցեն՝ պաշտպանելու երկու երկրների տարածքային ամբողջականութիւնը։

Այսինքն Ռուսաստանի հետախուզական մարմինները Ադրբեջանին տրամադրելու են իրենց մօտ առկայ այն տեղեկութիւնները, որոնք կ՚օգնեն Ադրբեջանին “պաշտպանելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը”։ Իսկ Ադրբեջանի ընկալմամբ իր տարածքային ամբողջականութեանը միակ խանգարողը Ղարաբաղն է։

եթէ դրան գումարենք Հայաստանում ու Ղարաբաղում Ռուսաստանի ունեցած հետախուզական ցանցերն ու տեղեկութիւններ հաւաքագրելու հնարաւորութիւնները` պատկերն աւելի պարզ կը դառնայ։

Այլ կերպ ասած, Ռուսաստանը այսօր ստորագրել է համաձայնագիր, որով Հայաստանում ու Արցախում հաւաքած հետախուզական տուեալները փոխանցելու է Բաքուին, որ Ադրբեջանը “վերականգնի իր տարածքային ամբողջականութիւնը”։

Այս ֆոնին խիստ կարեւոր է, որ Հայկական հետախուզական մարմինները ի վերջոյ ձերբազատուեն ռուսական ցանցերից եւ որ մեր յատուկ ծառայութիւնների տիրապետած տեղեկատւութիւնը ամբողջութեամբ չփոխանցուի Ադրբեջանին»։