Դեկտեմբեր 12-ին, Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան “Հայաստան-ԵՄ գործընկերութիւնը եւ ապագայի հեռանկարները” բնաբանով դասախօսութեամբ հանդէս եկած է Լուվէնի կաթողիկէ համալսարանի “Եւրասիոյ աշխարհաքաղաքական զարգացումներ” բաժանմունքի շուրջ 170 ուսանողներու եւ դասախօսական կազմին առջեւ։
Ան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան գործակցութեան աննախադէպ յառաջընթացը, հանգամանօրէն կանգ առնելով 2024-ին տեղի ունեցած հանդիպումներու եւ կայացուած որոշումներուն վրայ՝ ընդգծելով անոնց պատմական կարեւորութիւնը։
Խօսելով Հայաստանի տնտեսական զարգացման հեռանկարներուն շուրջ՝ դեսպանը կեդրոնացած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու բնագաւառներուն վրայ։
Դասախօսութեան յաջորդած հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ, Տիգրան Բալայեան անդրադարձած է տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի մօտեցումներուն, Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն՝ շեշտելով տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու եւ համագործակցութեան մթնոլորտ ստեղծելու հրամայականը։
Դասախօսութեան աւարտին դեսպանը համալսարանի գրադարանին նուիրած է Հայաստանի պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան վերաբերող գիրքեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։