Search
Close this search box.

ՊԵԼՃԻՔԱ – Փարաճանովի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի բացումը՝ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ

Հոկտեմբեր 22-ին, Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ տեղի ունեցած է Սերգեյ Փարաճանովի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը՝ զոր կազմակերպած են Հայաստանի եւ Ուքրաինայի դեսպանութիւնները։ 

Արարողութեան ներկայ եղած են Պելճիքայի խորհրդարանի երկու պալատներու ղեկավարներն ու շարք մը երեսփոխաններ, դեսպաններ,  օտար երկիրներու դիւանագէտներ, լրագրողներ ու հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ։

Ելոյթներով հանդէս եկած են Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Փեթեր տը Ռուվեր, Ծերակոյտի նախագահ Վալերի տը Պիւ, Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան, Ուքրաինայի առժամեայ հաւատարմատար Նաթալիա Անոշինա եւ ուրիշներ։

Իր խօսքին մէջ նախագահ Ռուվեր յատկապէս նշած է, թէ «Նռան գոյնի» նման գլուխ-գործոցներու հեղինակ Փարաճանով ոչ միայն յեղաշրջած է շարժարուեստի սահմանները, այլեւ գրաւած Հայաստանի եւ Ուքրաինայի մշակութային ինքնութիւնն ու հոգին։ Ան ընդգծած է, թէ այսօր հայ եւ ուքրանացի ժողովուրդներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները կը պահանջեն շարունակական համերաշխութիւն ու ուշադրութիւն, կոչ ուղղելով դիտելու սոյն ցուցահանդէսը ոչ միայն իբրեւ յարգանքի տուրք մեծն արուեստագէտին, այլեւ օգտագործել այս պահը, յղելու ուղերձ մը՝ ի պաշտպանութիւն ստեղծագործական ազատութեան եւ մշակութային ինքնութեան:

Իր կարգին Ծերակոյտի նախագահը ցաւով նշած է, թէ 21-րդ դարուն տակաւին կ՚ոչնչացուին մշակութային կոթողներ։ Ան եւս կոչ ըրած է եւրոպական երկիրներուն պայքարելու ի պահպանութիւն մշակութային ինքնութեան։

Դեսպան Տիգրան Բալայեան վստահութիւն յայտնած է, որ պելճիքական ժողովրդավարութեան սոյն կեդրոնի այցելուները կը վայելեն Փարաճանովի ստեղծագործութիւններու ներկայութիւնը, որ պիտի հարստացնէ Պալատի մշակութային կեանքը՝ գալիք օրերուն։ 

Տիկին Նաթալիա Անոշինա իր ելոյթին շեշտած է մշակութային ազատութիւնը սահմանափակելու անթոյլատրելիութիւնը՝ ըսելով, թէ ցայսօր կը շարունակուի մշակութային կոթողներու եւ յուշարձաններու ոչնչացումը, որոնք մաս կը կազմեն ժողովուրդներու մշակութային ինքնութեան։

Բացման արարողութեան յաջորդած է հայկական եւ ուքրանական խմիչքներով եւ ուտեստներով ընդունելութիւն։