Սիւնիքի մարզի «Բաղաբերդ» ամրոցի տարածքին հնագիտական պեղումներ սկսած են, զորս կ՚իրականացնէ «Պատմամշակութային արգելոց–թանգարաններու և պատմական միջավայրիպահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութեան հնագիտական արշաւախումբը՝ Աւետիս Գրիգորեանի ղեկավարութեամբ։
Վերոնշեալ կազմակերպութեան համաձայն՝ հակառակ եղանակային բարդ պայմաններուն՝ արշաւախումբը փլատակներէն կը մաքրէ բարձունքին գտնուող ամրոցի պարիսպները՝ բացայայտելովմիջնադարեան թաքնուած մշակութային շերտերը։
Արդէն ի յայտ եկած են առաջին գտածոները, դարերով ծածկուած հողի հաստ շերտի տակէն յայտնաբերուած են հասարակ և ջնարակուած խեցեղէն։
«Բաղաբերդ»-ը Սյունիքի թագաւորութեան դարպասը եղած է 10-12-րդ դդ․ և կարևոր դեր ունեցած է Հայաստանի պատմութեան ընթացքին՝ Արշակունիներու թագաւորութեան շրջանէն մինչևՕրբելեաններու իշխանութիւն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։