Գերմանիոյ մէջ Ազերպայճանի դեսպանատան զանգուածային ճնշումին պատճառով եւ հրապարակային բողոքներ սկսելու սպառնալիքներէ եւ այդ ուղղութեամբ արտօնութիւն ստանալէ ետք, 6 մարտ 2024-ին նախատեսուած «Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը» գիրքի շնորհահանդէսը ջնջուած է, որ տեղի պիտի ունենար Պերլինի՝ Արտաքին յարաբերութիւններու գերմանական խորհուրդի վայրին մէջ։ Այս առթիւ անհրաժեշտ կը դառնայ շնորհահանդէսին առցանց մասնակցութեան իրականացումը։ Անտանելի է տեսնել, որ բռնատիրական վարչակարգ մը քիչ թէ շատ կը յաջողի Գերմանիոյ մէջ արգիլել հանրութեան կողմէ ազատ կարծիք արտայայտելու եւ գիտական քննարկում ունենալու կարելիութիւնը:
Փրոֆ. դոկտ. Անտրէաս Միւլլեր
Առաջին հազարամեակի եկեղեցւոյ եւ կրօնքի պատմութեան փրոֆ.,
«Ալպրեխթ» քրիստոնէական համալսարան, Քիլ
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։