Յունիս 10-ի երեկոյեան, Պէյրութի «Փոլիկարպոս» կառատան մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած երեսփոխանական թեկնածուներու ընտրութեան առիթով կազմակերպուած «Կանք ու կը մնանք» խորագրեալ փառատօնը, որուն մասնակցած են բազմահազար Հայեր։
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած փառերգերու ունկնդրութենէն ետք, ցուցադրուած է ընտրական աշխատանքը ամփոփող տեսերիզ մը:
Այնուհետեւ, ելոյթ ունեցած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ տոքթ. Էլի Թաշճեան: Ան անդրադարձած է ժողովուրդ-ՀՅԴ կապին, որուն շնորհիւ կարելի եղած է կերտել գաղութի կառոյցները, պահել զանոնք, կազմակերպել ամբողջ գաղութին ինքնապաշտպանութիւնը։ Թաշճեան ըսած է, թէ նաեւ այդ կապն է, որ Հայաստան-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններու առումով դարձած է կամուրջ, գործօն հանդիսացած է հայրենաշէն ծրագրերուն` Լիբանանահայութեան աշխուժ եւ արդիւնաւէտ մասնակցութեան:
Ապա տեսակապով Լիբանանահայութեան իրենց խօսքը ուղղած են ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
Հուսկ ելոյթ ունեցած է Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ողջունած է Լիբանանահայութեան յաղթանակը եւ շնորհակալութիւն յայտնած վստահութեան համար։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Հնչակեան կուսակցութեան, որ «արդար ու մաքուր մրցակցութեամբ մղեց ընտրապայքարը» եւ ՌԱԿ-ին, որ «հրապարակային յայտարարութեամբ զօրակցեցաւ ՀՅԴ-ի եւ Հնչակեան կուսակցութեան թեկնածուներուն»:
Երեկոյթին խանդավառ մթնոլորտ ստեղծած են հայրենի երգիչներ Ներսիկ Իսպիրեան եւ Սեւակ Ամրոյեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։