Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը «Իրաւական ակտերի նախագծերի հրապարակման միասնական կայք»-ին վրայ ներկայացուցած է «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրինագիծը, որով կ՚առաջարկուի ազգութեամբ հայ ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու՝ ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու համար որպէս պարտադիր պահանջ սահմանել Հայաստանի մէջ վերջին երկու տարուան ընթացքին առնուազն 60 օր օրինական հիմքով բնակած ըլլալու կամ գտնուելու հանգամանքը:
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ նախագծին մէջ կ՚ըսուի, որ Սահմանադրութեամբ՝ ազգութեամբ հայերը Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատելու պահէն սկսեալ իրաւունք ունին ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու, սակայն «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքով սահմանուած չէ, թէ ո՞ր պահէն սկսեալ անձը կը համարուի Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած:
«Մասնաւորապէս, ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող 18 տարին լրացած, գործունակ, օտարերկրեայ պետութիւնում բնակուող կամ Հայաստանում օրինական հիմքով բնակուող (գտնուող) իւրաքանչիւր անձ իրաւունք ունի դիմելու ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար, եթէ օրէնքով սահմանուած կարգով վերջին երեք տարին մշտապէս բնակուել է Հայաստանում: Սահմանւում է, որ ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող ազգութեամբ հայ անձը, որի խնամակալը ՀՀ քաղաքացի է, կարող է ստանալ քաղաքացիութիւն առանց վերոյիշեալ պահանջների պահպանման: ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացում օրէնքն առաւել մեծ հնարաւորութիւն է սահմանել ազգութեամբ հայերի համար, քան ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ»,– նշուած է օրինագծին մէջ։
Գործող օրէնքին նկատակը, ըստ ԱԱԾ-ի՝ հայրենադարձութիւնը խթանելն է, սակայն ծառայութեան կողմէ վերջին տարիներուն կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ազգութեամբ հայ ներկայանալով՝ ՀՀ քաղաքացիութեան դիմող անձերու ստուար մէկ զանգուածը, յա՛տկապէս Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի քաղաքացիները, երբեք չեն եղած Հայաստան կամ ժամանած են հազուադէպ` 4-5 տարին մէկ անգամ․ «Իսկ որոշ դէպքերում ժամանել են միայն ՀՀ քաղաքացիութիւն հայցելու նպատակով եւ, որպէս կանոն, չեն իրականացնում հայանպաստ գործունէութիւն։ Բացի այդ, եղել են նաեւ դէպքեր, երբ քաղաքացիութիւն ստանալուց յետոյ ՀՀ քաղաքացու անձնագրերը օգտագործել են միայն այլ պետութիւններ ճամբորդելու հնարաւորութիւն ունենալու համար»։
Նախագիծի ընդունման պարագային՝ օրէնքով ամրագրուած կարգաւորումը պիտի պատշաճեցուի Սահմանադրութեան 47-րդ յօդուածի 3-րդ մասով նախատեսուած պահանջներուն, ազգութեամբ հայերու կողմէ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը պիտի իրականացուի աւելի արդիւնաւէտ, պիտի նպաստէ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացող անձերու հայրենադարձութեան, պիտի նուազեցնէ ազգութեամբ հայ ներկայացող, սակայն իրականութեան մէջ հայկականութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող օտարներու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան դիմումներու քանակը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։