Սեպտեմբեր 26-ին, Նիւ Եորքի մէջ, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ կայացած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ԱԳ նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճեյհուն Պայրամովի հանդիպումը:
Ըստ Հայաստանի ԱԳ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է ներդրելու լրացուցիչ ջանքեր «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագիրը՝ ամէնէն կարճ ժամանակի մէջ կնքելու ուղղութեամբ։
Միրզոյեան եւ Պայրամով շնորհակալութիւն յայտնած են Պլինքընին հանդիպումը կազմակերպելուն համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։