ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ քննարկելով Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան ուղղուած ջանքերը, Ուաշինկթընի աջակցութիւնը յայտնելով Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։ Այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց ունեցած է նաեւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ ողջունած «Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու՝ նախագահ Ալիեւի յանձնառութիւնը»։
Ամերիկացի դիւանագէտը ընդունած է, որ երկարատեւ հակամարտութիւնը տառապանքներ պատճառած է թէ՛ Ազերպայճանցիներուն եւ թէ՛ Հայերուն եւ այդ շրջածիրին մէջ ընդգծած տարածաշրջանի երկիրներուն համար խաղաղութեան ընծայելիք բարիքները։
Պլինքըն Ալիեւի հետ քննարկած է նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու միջեւ մտահոգութիւն յառաջացուցած թեմաները եւ անդրադարձած «համագործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւններուն, յատկապէս խաղաղութեան հոլովոյթին շուրջ»։
Իր կողմէ, Իլհամ Ալիեւ բողոքած է, որ Նոյեմբեր 15-ին Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ունկնդրութիւններուն ընթացքին, Պլինքընի օգնական Ճեյմս Օ’Պրայըն «կողմնակալ» յայտարարութիւններ կատարած է, որոնք «ճիշդ չեն եւ կը մերժուին Ազերպայճանի կողմէ»։
Այս կապակցութեամբ Պլինքըն առաջարկած է, որ Օ’Պրայըն Դեկտեմբերին այցելէ Ազերպայճան։ Ալիեւ համաձայնած է այս առաջարկին` պայմանով, որ այդ այցէն յետոյ Ազերպայճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն համար ԱՄՆ մեկնելու արգելքը վերցուի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։