Search
Close this search box.

«Պոլիսը՝ հին եւ նոր» պատկերագիրքի գինեձօնը

Օգոստոս 20-ին, Հովանաւորութեամբ ու օրհնութեամբ Սահակ Բ. պատրիարք հօր, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցած է հայրենի արուեստաբան, գծանկարիչ եւ Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս Լեւոն Լաճիկեանի հարիւր գծանկարները պարունակող «Պոլիսը՝ հին եւ նոր» խորագրեալ մեծադիր հատորին գինեձօնը, որ լոյս տեսած է հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով։

Հանդիսութիւնը գլխաւորած է Սահակ պատրիարքը, կողքին ունենալով հոգեւոր հայրեր եւ պատկերագիրքի հեղինակ Լեւոն Լաճիկեանը։ Հանդիսավարութեան պաշտօնը ստանձնած է բանասէր, խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան։ Ան զրուցած է Լաճիկեանի հետ, որ ներկայացուցած է իր աշխատութիւնը եւ  շնորհակալութիւն յայտնած բոլորին, որոնց աջակցութեամբ իր հարիւր գծանկարները պատկերագիրքի մէջ ամփոփուած էին Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ։

Սիրուն Սիրունեանի եւ Լուսի Քահվէճիօղլուի կողմէ գործադրուած է հայաշունչ երգերով կազմուած երաժշտական յայտագիր մը։

Հոււսկ բանքը արտասանած է Պատրիարք հայրը եւ կատարուած աշխատութեան համար իր ուրախութիւնը յայտնած։ Ան նշած է, թէ գոյութիւն ունին երկու Պոլիսներ։ Առաջինը շօշափելին է, իսկ երկրորդը՝ երազայինը։ “Երբ Պոլիսէն քիչ մը կը հեռանանք առաւել եւս սիրել կը սկսինք Պոլիսը այդ երազային հանգամանքով։ Լաճիկեանի աշխատութիւնը, նախ կ՚ուղղէ որ շնորհակալութիւն յայտնուի այն մարդոց, որոնք անցեալին հիմնադրեցին պատմական դարձած շէնքերը։ Անոնք միայն շէնք չեն կառուցած, կառուցած են գեղեցի՛կ։ Հետեւաբար այս մշակութային հարստութիւնները կարիքը ունին տեսնող եւ արձանագրող աչքերու։ Լաճիկեանի կատարածն ալ նոոյնինքն այս էր, որով գիծերու խաղերուն, սեւ ու ճերմակի արուեստի մէջ մարդիկ տեսնել կը սկսէին երազային Պոլսոյ գեղեցկութիւնը”։

Պատրիարք հայրը իր խօսքը աւարտած է ըսելով. “Ճիշդ է որ ծնունդով պոլսեցի չէք, սակայն մենք ձեզ կը կոչենք պոլսեցի՝ ձեր աշխատութեան իբրեւ արգասիք”։

Հուսկ, Պատրիարք հօր գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է գիրքի գինեձօնը, ապա՝ ընդունելութիւն։

Հարիւր քսան եւ ութ էջնոց ու դեղնաւուն թուղթի վրայ տպագրուած գեղատիպ հատորին մէջ Լաճիկեան իր արուեստի գործերուն որպէս ներշնչում կը գտնէ Պոլիսը իր զանազան թաղերով ու տեսարժան վայրերով, շէնքերով, պարիսպներով, աշտարակներով, Պատրիարքարանով, եկեղեցիներով, մզկիթներով, պալատներով, գերեզմանատներով եւ անշո՛ւշտ ծովով։