«Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակներու յանձնումի արարողութիւնը, ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս տեղի ունեցած է լրագրողի ծննդեան օրը՝ Սեպտեմբեր 15-ին: Պոլսոյ «Ճեմալ Ռեշիտ Ռեյ» հեղինակաւոր համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած արարողութիւնը առցանց սփռուած է:
Հիմնարկի անունով ներկաներուն ողջոյնի խօսք յղած է «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի նախագահ Ռաքէլ Տինք:
Ան իր ելոյթին մէջ ընդգծած է, որ աշխարհին այսօր բաժին ինկած աղէտալի վիճակէն միակ ելքն է հեռու մնալը այն գործիչներէն, որոնք բռնութիւն կը քարոզեն եւ կոչ ըրած է զգօն գտնուելու այն մարդոց հանդէպ, որոնք բռնութեան մասին կը խօսին։ «Կեանքի իրաւունքը բռնութիւն չէ, այլ բազմազանութիւն»,– շեշտած է ան:
2024-ի «Լոյսեր»-ը ներկայացուած են տեսանիւթով մը, ուր յղուած են պատգամներ, ողջունուած՝ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք «լոյս» կը սփռեն մարդկութեան վրայ, կը պայքարին մարդոց բարօրութեան եւ իրաւունքներուն համար, բայց նաեւ ի խնդիր շրջակայ միջավայրի, կենդանիներու պաշտպանութեան: Այս տարուան «Լոյսեր»-ու բովանդակութիւնը կազմած են կնոջական իրաւունքները, ցեղապաշտութեան ու սեռային բռնաճնշումներու դէմ պայքարը, անարդարութիւնն ու չքաւորութիւնը:
2024-ի «Հրանդ Տինք» մրցանակի դափնեկիր դարձած է Թուրքիայէն՝ «Մանիշակագոյն երդիք» (Մօր չաթը) կիներու ապաստարանը, որ տարիներէ ի վեր վճռականօրէն կը պայքարի կիներու նկատմամբ բռնութեան դէմ եւ ի խնդիր անոնց հաւասար իրաւունքներուն։
Իսկ արտասահմանէն դափնեկիր հռչակուած է Սիերա Լէոնէէն Ռուճիաթու Նենեհ Թուրայ, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն երկար տարիներէ ի վեր խիզախօրէն կը պայքարի աղջիկներու եւ կիներու սեռային գործարաններու խեղման դէմ:
Բնականաբար, յիշուած է Հրանդ Տինք եւս, որ եթէ ողջ ըլլար, պիտի նշէր իր 70-ամեակը:
Հանդիսութեան աւարտին կազմակերպիչները անգամ մը եւս հաստատած են որ մրցանակը կը շնորհուի անհատներու, հաստատութիւններու կամ խումբերու, որոնք կ՚ոգեշնչեն եւ յոյս կը ներշնչեն մարդոց շարունակելու պայքարը՝ աւելի ազատ ու արդար աշխարհի մը համար, մարդոց որոնք կը կոտրեն կարծրատիպերը եւ կը գործածեն խաղաղութեան լեզուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։