ՊՈԼԻՍ. Աշխատանոց արեւմտահայերէն խօսակցութեան

Հրանդ Տինք հիմնարկի արեւմտահայերէնի աշխատանոցը սկսած է Յուլիս 25-ին։ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ ընթացող աշխատանոցը շաբաթը մէկ անգամ 1,5 ժամուան մէկտեղումներով պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 30։

Աշխատանոցը ուղղուած է հայերէնի հիմնական գիտելիքներ ունեցողներուն խօսակցական վարժութիւնը զարգացնելու։

Աշխատանոցները տեղի կ՚ունենան առաւելագոյն 10 մասնակիցներէ բաղկացող խումբերով։ Պահանջի համաձայն կարելի է նոր խումբեր ձեւաւորել, դարձեալ 10 հոգիի սահմանումով։

Դիմողներէն կը պահանջուի 200 թրքական լիրայի ուսման վարձք ամբողջ ծրագրին համար։ Նախագիծի մանրամասնութիւններուն համար կարելի է դիմել Հրանդ Տինք Հիմնարկի կայքէջին.-

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/27310/ashkhadanvots-arevmdahahyeren-khosagtsutyean-hamar