Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Նոր Մարմարա»-էն կը տեղեկանանք, թէ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր` Լեւոն արք. Զէքիեան ներկայացուցած է հրաժարականի դիմում մը, որ վաւերացուած ու ընդունուած է Հոկտեմբեր 10-ին: Պատճառը տարիքի սահմանափակումն է: Կաթողիկէ արեւելեան եկեղեցիներու պարագային մինչեւ 75 տարեկանի սահմանափակում մը կայ, բայց կարգ մը պարագաներու հոգեւորականներէ կը խնդրուի որ պաշտօնը շարունակեն, ինչպէս պատահած է Գերապայծառ Զէքիեանի պարագային. ան իր պաշտօնը շարունակած է մինչեւ 81 տարեկան:
Ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ նոր գործընթացը: Թուրքիոյ կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւորի աթոռը թափուր պիտի հռչակուի, յետոյ անմիջապէս կառավարիչի մը կամ փոխանորդի մը անունը պիտի յայտարարուի, աւելի վերջ ալ՝ ընտրութիւն նոր Վիճակաւորի:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։