Search
Close this search box.

ՊՈԼԻՍ – Համերգ՝ նուիրուած Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 120-ամեակին

Աշխարհահռչակ յօրինող Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ Սեւծովեան տնտեսական Համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ, Նոյեմբեր 23-ին, Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ համերգասրահին մէջ սարքուած է համերգ մը:

Սրահի մուտքին հրաւիրեալները դիմաւորուած են մնայուն ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեանի կողմէ:

Ներկայ եղած են Սահակ Բ. պատրիարք հայրը, Կրետէի հայոց տեսուչ՝ Եզնիկ արք. Պետրոսեան, Արամ արք. Աթէշեան, վեղարաւոր հայրեր եւ քահանաներ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան անդամ երկիրներու դիւանագէտներ, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց Նախարարութեան ներկայացուցիչը, օտար երկիրներու դիւանագէտներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, մշակութասէր հասարակութիւն մը։

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Նայիրի Պետրոսեան եւ ներկայացուցած նախ ՍԾՏՀ-ի մէջ Հայաստանի գործունէութիւնը: Ան խօսած է Արամ Խաչատրեանի մասին, որու ծննդեան 120-ամեակը առիթ եղած էր սոյն համերգին։ Տիկին Պետրոսեան այնուհետեւ յուշանուէրներ յանձնած է Պատրիարք հօր, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութենէն Այշէ Ուզէրին, ՍԾՏՀ-ի ընդհանուր քարտուղար դեսպան Լազար Քոմանեսքուին եւ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Արա Գօչունեանին:

Արամ Խաչատրեանի ուղեւորութեանց մասին գծաժապաւէնի մը ցուցադրութենէն ետք սկսած է երաժշտական յայտագիրը: Ջութակահար Անուշ Նիկողոսեան, դաշնակահար Սօնա Բարսեղեան եւ թաւջութակահար Միքայէլ Նաւասարդեան բացի Արամ Խաչատրեանէն, Կոմիտաս Վարդապետէն, Առնօ Բաբաջանեանէն եւ Յարութիւնեանէն ստեղծագործութիւններով հմայած են հանդիսականները։ Յայտագրի վերջին երկը եղած է Խաչատրեանի այնքան ծանօթ Սուրերու պարը:

Համերգի աւարտին ներկաները ծափողջոյններով բարձր գնահատած են արուեստագէտներուն կատարումները: