Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին առթիւ, Հոկտեմբեր 26-ին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ համերգ մը կազմակերպուած է՝ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին նախաձեռնութեամբ: Պատուոյ հիւրը եղած է Կոմիտաս վրդ.ի ազգական, երաժշտուհի Թամար Էսքէնեան, որ այս առթիւ յատկապէս Զուիցերիայէն ժամանած է։ Համերգին մասնակցած է նաեւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս երգչախումբը:
Հանդիսութեան նախագահած է Սահակ Բ. պատրիարք հայրը, իր շուրջ ունենալով Արամ արք. Աթէշեանը, քահանայ հայրեր, սարկաւագներ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան Հայաստանի հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան։
Ողջոյնի խօսքերէն ետք, բեմ հրաւիրուած են Թամար Էսքէնեան եւ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ՝ Լուսաւորիչ երգչախումբը, որոնք ներկայացուցած են կոմիտասեան բազմաձայն երգեր։ Թ. Էսքէնեան թէ՛ սրինգ, շուի եւ դուդուկ նուագած է եւ թէ՛ մեներգած, մեծապէս տպաւորելով ներկաները։
Հուսկ բանքը արտասանած է Պատրիարք հայրը, խօսելով Կոմիտաս Վարդապետի մեծութեան մասին։ Ան նշած է, թէ գրեթէ ամէն օր աշխարհի Հայկական որեւէ մէկ շրջանին մէջ կը յիշատակուի Կոմիտաս Վարդապետը։
Հոգեւոր Պետը իր ուրախութիւնը յայտնած է Կոմիտասի 155-ամեակին առթիւ քաղաքին մէջ նման ծրագրի մը իրականացման համար, որ նաեւ յարմար առիթ ստեղծած է որպէսզի պոլսահայութիւնը եւս ծանօթանար Կոմիտաս Վարդապետի շառաւիղէն երաժիշտի մը։
Պատրիարք հայրը դրուատած է նաեւ Լուսաւորիչ երգչախումբը, որ կարճ ժամանակի մէջ պատրաստուած է սոյն համերգին։
Ձեռնարկին փակումը կատարուած է Տէրունական աղօթքով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։