Պոլսոյ պատրիարքական Աթոռի Յովակիմեան մատենաշարէն, որպէս իններորդ հատոր լոյս տեսած է Պոլսոյ պատրիարքութեան դիւանի նախկին աշխատաւոր եւ ապա՝ պատմաբան եւ թարգմանիչ Սիրվարդ Մալխասեանի «Աւետիք պատրիարքի խորհրդաւոր կեանքը» խորագրեալ գիրքը։
100 էջերէ բաղկացեալ աշխատասիրութիւնը, անցեալ տարի թրքերէնով լոյս տեսած էր «Արաս» Հրատարակչատունէն, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցած էր նոյն տարուան ամառը Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Սահակ Բ. պատրիարքի։ Այդ օրերուն իսկ Սահակ պատրիարք թելադրած էր որ սոյն գիրքը թարգմանուի Հայերէնի եւ լոյս տեսնէ, դառնալով Հայկական գիտական աշխարհի համար պատմագրական վաւերգրութեան մը։
Գիրքի հեղինակը սոյն թելադրութիւնը հրահանգ ընկալելով, առաջին օրէն ձեռնարկած է թարգմանչական աշխատութեան եւ այս ուղղութեամբ Հայերէնի թարգմանչական պատասխանատւութիւնը յանձնած է Նաիրա Սիւզմէին, իսկ հրատարակութեան պատրաստութեան եւ սրբագրութեան պատասխանատւթիւնը՝ դասատու եւ բանասէր Սեւան Տէյիրմէնճեանին։ Մինչ այդ Մինաս Օֆլազ պատրաստած է գիրքի շքեղ կողքը։
Սիրվարդ Մալխասեանի ուսումնասիրութեան թարգմանչական աշխատութիւնը աւարտած ըլլալով, սոյն աշխատութիւնը Փետրուար ամսուան մէջ յանձնուած է Սահակ պատրիարքի ուշադրութեան։ Ան գիրքի կատարելութիւնը տեսնելով՝ իր օրհնութիւնը տուած է, որ սոյն գիրքի էջադրութիւնը կատարուի Պատրիարքական աթոռոյ Հրատարակչութեան բաժանմունքին կողմէ եւ ապա հրատարակուի որպէս Յովակիմեան մատենաշարի գիրքերէն մին։ Եւ ահա այժմ սոյն պատմաբանական գիրքը մայրենի լեզուով եւս հրատարակուած ըլլալով կը յանձնուի Հայկական հասարակութեան։
Հատորը կը բացուի Սահակ Բ. պատրիարքի «Յիշելով Աւետիք պատրիարքը» խորագրեալ օրհնութեան խօսքով: Ապա կը շարունակուի գիրքի հեղինակին ներածականով, որուն մէջ գիրքի պատրաստութեան փուլերուն մասին տեղեկութիւններ կը տրուին։ Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր սիրեցեալ հօր՝ Յովհաննէսի, որ իր մէջ սերմանած է ընթերցանութեան սէրը, եւ մօրը՝ Աղաւնի Քայարի։ Հատորին սկիզբը կայ նաեւ Սիրվարդ Մալխասեանի հակիրճ կենսագրութիւնը եւ իր թարգմանչական աշխատութեանց ցանկը:
Աշխատասիրութիւնը բաժնուած է երկու մասերու։ Առաջին բաժնին մէջ կը ներկայացուի այն երեւակայութիւնը, թէ՝ Աւետիք պատրիարք երկաթէ դիմակով մարդն է եւ այս ուղղութեամբ պատմական տուեալներով հանդէս կու գայ հեղինակը։ Բաց աստի կը ներկայացուի այդ օրերու միսիոնարական շարժումի ազդեցութիւնը հայոց վրայ եւ հետեւանքները։ Իսկ երկրորդ բաժնին մէջ կը ներկայացուին Աւետիք պատրիարքի գահակալութիւնը եւ յաջորդաբար մինչեւ Պասթիյ տեղափոխութեան փուլերը։ Այս բաժնին մէջ հետաքրքրական ձեւով կը քննարկուի իր դաւանափոխութիւնը, վերջին օրերը եւ մահուան առեղծուածը։
Բազմաթիւ էջատակերով հարուստ գիրքը նաեւ ունի պատմական լուրջ հեղինակութիւն։ Աշխատասիրութեան աւարտին նաեւ դրուած են մատենագիտական եւ յատուկ անուններու ցանկերը։ «Աւետիք պատրիարքի խորհրդաւոր կեանքը» ի մօտոյ ժողովուրդին պիտի հրամցուի շնորհահանդէսով մը։
Աղբիւր՝ Պոլսոյ Պատրիարքարանի Դիմագիրքի էջը
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։