«Մարմարա» օրաթերթի Փետրուար 6-ի թիւէն կը տեղեկանանք, թէ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը եւ Ամերիկահայ գրողներու եւ լրագրողներու միութիւնը միասնաբար «Դրուատանքի մագաղաթ» շքանշանը շնորհած են պոլսահայ անուանի հրապարակախօս 98-ամեայ Ռոպէր Հատտէճեանին։
Զոյգ միութիւններու անունով պարգեւը «Մարմարա»-ի խմբագրութեան յանձնուած է տիկին Լուսան Պըչաքճըի ձեռամբ։
Վերոնշեալ միութիւնները նոյն բնոյթի պարգեւ մըն ալ ուղարկած են պոլսահայ ժամանակակից գրականութեան մէկ այլ վաստակաւոր մշակի՝ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանին, դարձեալ նկատի ունենալով անոր բեղուն գրիչը եւ հայ գրականութեան բերած նպաստը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։