Search
Close this search box.

ՊՈԼԻՍ – Պոլսահայ համայնքի ծանօթ անձնաւորութիւն Կարօ Գաբրիէլեան Գնալը կղզիին մէջ յարձակման ենթարկուած է, ցեղապաշտ ենթախորքի վրայ

Դէպքը պատահած է Օգոստոս 1-ին։ Իշխանաց կղզիներէն հայաշատ Գնալըի մէջ բնակող Կարօ Գաբրիէլեան,– որ պոլսահայ համայնքի ծանօթ դէմքերէն է,– միջոցէ մը ի վեր զինք ու թաղեցիները լրջօրէն անհանգիստ ընող խանութի մը («Seç» խանութներու շղթայի) անյարգալից վարքը ուզած է տեսագրել, արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով պատկան մարմիններուն բողոք ներկայացնելու համար։ Խնդրոյ առարկայ խանութին կողմէ մինչեւ շատ ուշ ժամեր աղմուկ, փողոցի հանրային տարածքի ու անցքի հետզհետէ գրաւում, աղբերու անպատասխանատու կուտակում… շատոնց յորդեցուցած են թաղեցիներու եւ ի մասնաւորի Կարօ Գաբրիէլեանի համբերութեան բաժակը։ 

Երբ ան սկսած է տեսագրել՝ խանութի գործաւորներէն մէկը յարձակած է անոր վրայ. շուտով միջամտած են ու միջադէպը առաջին հերթին մեղմացած է։ Երբ Գաբրիէլեան այդ միջոցին փորձած է նշեալ խանութին վրայ գտնուող իր յարկաբաժինը բարձրանալու համար մտնել շէնք, դռան առջեւ կրկին յարձակած են անոր վրայ, զինք գետին նետած, հարուածած են դէմքին, դաստակը բեկանուած է։ Եւ այս բոլորը՝ իր հայկական ծագումին ակնարկող հայհայանքներով։  

Գաբրիէլեան բողոքած ու դատի դիմած է 

Պատրիարք հայրը արագ ապաքինում մաղթած է Կարօ Գաբրիէլեանին

Օգոստոս 2-ին, Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ուղեկցութեամբ  Իշխանաց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ՝ Յարութիւն վրդ. Տամատեանի, այցելած է կղզի եւ տեսակցած Կարօ Գաբրիէլեանի հետ:

Պատրիարք Հայրը յայտնած է, թէ այս արարքը ցաւ պատճառած է բոլորին ու ինք եւս ցաւակցած է ու փափաքած անձամբ այցելել Գաբրիէլեանին իր բնակարանին մէջ։ Զրոյցի ընթացքին Գաբրիէլեան ընտանիքի անդամները մանրամասնութիւններ հաղորդած են տխուր միջադէպին մասին։ Կարօ Գաբրիէլեան վիրաւորուած է քիթէն ու ձեռքէն։ Ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսած է դէպքին առնչութեամբ։ Տեղական ու համայնքային զանազան շրջանակներ պախարակած են դէպքը։ 

Պատրիարք Հայրը այցելութեան աւարտին արագ ապաքինում մաղթած է անոր, բժշկութեան աղօթք արտասանած ու յայտնած, որ Պատրիարքական Աթոռն ալ կը զօրակցի Գաբրիէլեան ընտանիքին։

Կղզեաց քաղաքապետին այցելութիւնը

Նոյն օրը, Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ընդունած է Կղզեաց քաղաքապետ Ալի Էրճան Աքփոլաթը։ Վերջինս ցաւակցութիւն յայտնած է Հայ համայնքի կղզեբնակ անդամներէն Կարօ Գաբրիէլեանի դէմ եղած յարձակման համար եւ ըսած, որ մեղաւորները անպայման պիտի պատժուին։

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ մաղթած որ նման միջադէպեր չկրկնուին։