Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ Հոկտեմբեր 18-ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ տեղի ունեցած է «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարի կէսից մինչեւ մեր օրերը» գիրքի շնորհահանդէսը, նախագահութեամբ Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. պատրիարք հօր։
Հանդիսութեան ներկայ եղած են Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Լեւոն արք. Զէքիեան, գերպ. Վարդան ծ. վրդ. Գազանճեան եւ Մխիթարեան միաբանութենէն՝ գերպ. Յակոբոս ծ. վրդ. Չօփուրեան։
Սոյն գիրքը արդէն ներկայացուած է Հայաստանի մէջ. ան կը ներառէ Համահայկական գիտաժողովի զեկուցումները։ Նկատելով, որ գիտաժողովը առընչուած էր պոլսահայ գրականութեան հետ, Սահակ պատրիարք ընդառաջելով եղած հրաւէրին՝ իր օրհնութեան գիրը ուղարկած է։ Փափաք յայտնուած է, որ սոյն գիրքը ծանօթացուի նաեւ Պոլսոյ մէջ։ Այս առումով Պատրիարք Հօր հրաւէրով Հայաստանէն ժամանած են գիտնականներ՝ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան, թեկ. փրոֆ.ներ Վալերի Փիլոյեան եւ Քնարիկ Աբրահամեան։ Հանդիսութիւնը վարած է Սեւան Տէյիրմենճեան, որուն բացման եւ ողջոյնի խօսքէն յետոյ հիւր գիտնականները մէկ առ մէկ արտայայտուելով ծանօթացուցած են գիրքը եւ ընդհանրապէս անդրադարձած պոլսահայ գրականութեան կարեւոր ներդրումին Հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։
Գործադրուած է երաժշտական կոկիկ յայտագիր մը՝ Գրիգոր Թերզեանի, Լիւսի Քահվէճիօղլուի մեներգներով, որոնց երգէոնով ընկերակցած է Սիրուն Սիրունեան։ Այնուհետեւ բեմ բարձրացած է Սիլվա Կոմիկեան եւ արտասանած պոլսահայ գրողներու գործերէն օրինակներ:
Հուսկ բանքը արտասանած է Պատրիարք հայրը եւ ընդգծած, թէ կարեւոր է մեր արժէքներուն սերունդէ-սերունդ փոխանցուիլը, որուն համար համայնքի իւրաքանչիւր անդամ պէտք է գիտակից ըլլայ, թէ հայերէնը կարեւոր է իր կեանքին մէջ, որքան կարեւոր են հացն ու ջուրը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է հիւր գիտնականներուն՝ անգամ մը եւս գնահատելով իրենց աշխատանքը։
Հանդիսութիւնը աւարտին հասած է միասնաբար երգուած «Ով Մեծասքանչ»-ով, որմէ յետոյ Ուսուցչաց հիմնարկը սարքած է ընդունելութիւն մը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։