Search
Close this search box.

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք հօր բողոքագիրը՝ Ողիմպիականներու միջազգային յանձնախումբին

Յուլիս 28-ին, Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. Պատրիարք հայրը ստորեւ տրուած բողոքագիրը յղած է Ողիմպիականներու միջազգային յանձնախումբին ի Լոզան, Զուիցերիա։

«Յարգարժան անդամներ Ողիմպիականներու միջազգային յանձնախումբի,

Որպէս քրիստոնեայ հոգեւոր պետ կու գամ յայտնել, թէ Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան ընթացքին արձանագրուած եւ քրիստոնէական հաւատքը վարկաբեկելու հակամէտ բեմադրութիւնը կը պարսաւեմ։

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Վերջին ընթրիքը, որ մեր հաւատքի ամենասուրբ պահն է, դժբախտաբար վերածուած է ծաղրանքի բեմադրութեան մը, խորապէս վիրաւորելով աշխարհի քրիստոնեայ հաւատացեալները։

Ողիմպիական խաղերը, միջազգային մարմնամարզական միջոցառում մը ըլլալով պէտք էր ծառայեր հաւաքականութեանց միջեւ ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան զօրացման նպատակին։ Սակայն եւ այնպէս այս խաղերը դժբախտաբար փոքրամասնութեան պատկանող անհատներու համար, աւելի քան երկու միլիառ անդամ ունեցող կրօնք մը վարկաբեկելու եւ զայն անարգելու գործիքի մը վերածուած են։

Անձնապէս եւ յանուն Եկեղեցւոյս կը պարսաւեմ Ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ իշխանութիւնները, որոնք այս ուղղութեամբ հարկաւոր զգայնութիւնը չեն ցուցաբերած։

Ստոյգ է, թէ ԼԿՊԹ ընկերութեան անդամները, չեն հանդուրժեր իրենց եւ իրենց իրաւունքներու նկատմամբ կատարուած ամենաչնչին քննադատութիւնը։ Հակառակ այս իրողութեան անոնք իրենք զիրենք իրաւատէր կը նկատեն ուրիշներու տեսակէտներուն եւ հաւատքին վրայ կոպտութեամբ յարձակելու եւ զանոնք անարգելու։ Այս անընդունելի անարգալից վերաբերումը, ի վերջոյ, պիտի վնասէ իրենց պաշտպանած դատին։

Կը յուսամ, որ այսուհետեւ, գոնէ փակման հանդիսութեանց ընթացքին, չէք արտօներ որ նման չափազանցութիւններ եւ ծայրայեղութիւններ կրկնուին։

Այս գայթակղութիւնը, ստուեր ձգած է Ողիմպիական խաղերուն վրայ նախքան անոնց սկսիլը։ Կ՚ուզեմ յուսալ, որ այս առթիւ յառաջացած կնճռոտ հարցերը լուծում կը գտնեն եւ Ողիմպիական խաղերը կը ծառայեն իրենց իսկական նպատակին։

Յարգանօք՝

ՍԱՀԱԿ Բ.

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ»

***

Նշենք թէ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմը, ինչպէս նաեւ այլ  Եկեղեցիներ, կրօնական թեքումով կառոյցներ եւս նման բողոքի յայտարարութիւններ հրապարակած են, օրինակ՝  Ֆրանսայի Եպիսկոպոսաց ժողովը, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին, «Holy Games» կազմակերպութիւնը…։