Search
Close this search box.

Պոլսոյ Ս. Խաչ Դպրեվանքի աշակերտները առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցան MUN Միջազգային ուսանողական հաւաքին

Պոլսոյ Ս. Խաչ Դպրեվանքի հին ու այժմու սաները խմբուած՝ ճաշի սեղանին շուրջ

Կիրակի, Ապրիլ 14-ը յատուկ օր մըն էր Փարիզի եւ Պոլսոյ հին ու նոր դպրեվանքցիներուն համար։

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի Փարիզի Սանուց միութիւնը հանդիպում մը կազմակերպած էր Պոլսոյ դպրեվանքի աշակերտներուն հետ, որոնք չորս օրուան համար Փարիզ կը գտնուէին, Փանթէոն-Սորպոնի մէջ մասնակցելու ՄԱԿ-ի ուսանողական MUN հաւաքին, որ ամէնամեայ յաջորդականութեամբ կը կազմակերպուի աշխարհի տարբեր անկիւններ, դպրոցականներու եւ համալսարանականներու համար, անգլերէն լեզուով։ Սոյն հանդիպումներուն նպատակն է միջավայր մը ստեղծել՝ հանդիպումներու եւ գաղափարներու փոխանակման համար՝ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց արժէքներուն շուրջ պատրաստելու երիտասարդութիւնը, ինչպէս կիներու իրաւունքներու, այլախոհութեան, բնապահութեան եւ այլ նիւթերու  վերաբերեալ։ 

Այս տարի, Պոլսոյ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի ութ ուսանողներ, իրենց անգլերէնի ուսուցչուհիին եւ տնօրէնին ընկերակցութեամբ, մասնակցեցան Փարիզի հաւաքին, իրենց անգլերէնի իմացութիւնը զարգացնելու, միջազգային հարթակներու վրայ խօսք առնել կարենալու, իրենց տեսակէտները անկաշկանդ արտայայտելու եւ օտար երկիրներու աշակերտութեան հետ ծանօթութիւններ հաստատելու համար։   

Պոլսէն ժամանած աշակերտները Ապրիլ 14-ին, իրենց այցելութեան վերջին օրը, Ալֆորվիլի մէջ հիւրասիրուեցան Փարիզի Սանուց միութեան անդամներուն կողմէ, իրենց տպաւորութիւնները փոխանակեցին, պատմեցին հին ու նոր յիշատակներ եւ անշուշտ զրուցեցին ապագայի տեսիլքներու մասին։

Փարիզի միութեան անդամներուն ուրախութիւնը մեծ էր, քանի որ կարօտով կը վերյիշէին 40-50 տարի առաջ Պոլսոյ դպրեվանքին մէջ իրենց անցուցած օրերը եւ քաղցր  յիշատակները։ Նոր սերունդին հետ հանդիպումը անոնց մէջ արթնցուցած էր նաեւ Դպրեվանքին մէջ իրենց կատարած ուխտին հաւատարիմ մնալու զգացումը։

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի Փարիզի Սանուց միութիւնը արդէն քառասուն տարեկան է։ Ան ստեղծուած է Գարեգին արք. Պեքճեանի կողմէ։ Քառասուն տարիներու ընթացքին նախկին սաները աշխուժ ներդրում ունեցած են Փարիզի եւ Ֆրանսայի կրթական հաստատութիւններուն նուիրատւութիւններ կատարելով՝ Դպրոցասէրին, Արնուվիլի Հրանդ Տինքին, Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ կրթարանին։ Վերջերս իրենց կեդրոնատեղիին վաճառքէն ետք, 60 հազար եւրօ նուիրատւութիւն կատարեցին Արապեան նորակառոյց մանկապարտէզին, որ կը յուսանք գալ Սեպտեմբերին կը բանայ իր դռները Ալֆորվիլի հայ մանուկներուն առջեւ։ 

Հարկ է նշել, թէ Միութիւնը ստանձնած էր Պոլսոյ խումբին Փանթէոն-Սորպոն MUN հանդիպումներուն ճանապարհի եւ կեցութեան բոլոր ծախսերը։

Ս. Խաչ Դպրեվանքի՝ Ֆրանսայի Սանուց միութեան նախագահը եւ վարժարանի տնօրէնը՝ 
Խաչատուրեան պատրիարքի հայեացքին ներքոյ

*  *  *

MUN-ը (Model United Nations – Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան նախատիպ) ձեւով մը «դերակատարութեան խաղ» մըն է, աւելի լաւ հասկնալու համար, թէ ինչպէս կը գործէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը։

MUN-ի մասնակից ուսանողները կը խաղան դերը ՄԱԿ-ի պատուիրակներու, որոնք կը ներկայացնեն անդամ պետութիւնները յանձնաժողովներու մէջ:

Չորս օրերու ընթացքին ուսանողները կը ներկայացնեն երկիր մը, որ իրենցը չէ, անոնք կը ծանօթանան այդ երկրի դիրքորոշման յատկանշական կէտերուն, որ օգնեն անոր գտնելու համապատասխան լուծումներ։ Այս վարժութեան մէջ հետաքրքրականը այն է, որ երբեմն որոշ ուսանողներ կը յայտնաբերեն երկիր մը, որ իրենց բուն երկրէն տրամագծօրէն տարբեր դիրքեր որդեգրած է: Բայց ուսանողը պէտք է կարենայ պաշտպանել ու վիճարկել այն երկրին դիրքորոշումը, զոր կը ներկայացնէ։

Սա թոյլ կու տայ ուսանողին զարգացնել ակադեմական եւ թեքնիք հմտութիւնները, ինչպէս նաեւ կը բարելաւէ ստեղծագործելու եւ միւսը լսելու կարողութիւնները։

*  *  *

Ստորեւ կարճ հարցազրոյց մը Պոլսոյ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի տնօրէն Հայկ-Սերքան Քըյըճիի հետ.

«Նոր Յառաջ»  – Քանի՞ մասնակից էիք։

ՀայկՍերքան ՔըյըճըՈւթ մասնակից՝ 6 աղջիկ, 2 մանչ սաներ, անոնց անգլերէնի ուսուցչուհին եւ ես՝ տնօրէնը։

 

«ՆՅ» – Ո՞ր դասարաններէն։

Հ.-Ս. Ք. – 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններէն սաներ։

 

«ՆՅ» Անգլերէնի ուսուցչուհիին անո՞ւնը։ 

Հ.-Ս. Ք. – Նիլիւֆէր Քիւչիւքեըլտըզ։

 

«ՆՅ» Ո՞վ հոգաց ծախսերը։

Հ.-Ս. Ք. – Պանդոկի եւ թռիչքի ծախսերը հոգաց վարժարանիս Ֆրանսայի Սանուց Միութիւնը։

 

«ՆՅ» Դուք, քանի՞ տարի է, որ կը տնօրինէք։

Հ.-Ս. Ք. – Ես տարիէ մը ի վեր կը պաշտօնավարեմ Դպրեվանքէն ներս։

 

«ՆՅ» Դպրոցը քանի՞ աշակերտ ունի ներկայիս։

Հ.-Ս. Ք. – Ներկայիս 74 աշակերտ ունի։

 

«ՆՅ» Ի՞նչ են տպաւորութիւնները այցելութենէն։

Հ.-Ս. Ք. – Արտասահմանի մէջ Դպրեվանքի շրջանաւարտներոն հետ շփուելով, անգամ մը եւս հասկցանք որ Դպրեվանքը որքան մեծ ընտանիք մըն է։ Մեր աշակերտներուն զանազան մշակոյթներէ սաներու ծանօթանալը եւ միասին աշխատութիւններ տանիլը օգտակար եղաւ իրենց։