ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ. «Բարեւ Հայաստան» միջազգային 5-րդ փառատօնը՝ Փլովտիւի մէջ

Յունիս 4-էն 5 Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է «Բարև Հայաստան» միջազգային 5-րդ փառատօնը, հովանաւորութեամբ ՀՀ դեսպանութեան եւ «Արաքս» հիմնադրամին եւ աջակցութեամբ տեղւոյն քաղաքապետարանին:

Բացման խօսքով հանդէս եկած է ՀՀ հիւպատոս Թամարա Ղուշչեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է ձեռնարկին նախաձեռնող բոլոր կառոյցներուն եւ անհատներուն, ընդգծելով որ փառատօնը կը կրէ Հայոց լեզուն ու հայ մշակոյթը պահպանելու կարեւոր խորհուրդը, եւ յոյս յայտնած է, որ օր մը բոլոր հայորդիները կը վերադառնան Հայաստան:

Նշենք, թէ փառատօնին ելոյթ ունեցած են Սոֆիայի, Փլովտիւի, Պուրկասի, Վառնայի, Ռուսէի, ինչպէս նաև Յունաստանի եւ Ռումանիոյ մէջ գործող հայկական երգի ու պարի համոյթները: