Պուլկարիոյ խորհրդարանի նախագահ ընտրուած է հայազգի Ռայա Նազարեան՝ 131 թեր, 66 դէմ, 39 ձեռնպահ ձայներով։ Լուրը կը հաղորդեն պուլկարական լրասփիւռները։
Ընտրուելէ յետոյ Նազարեան իր ելոյթին մէջ ըսած է, որ խորհրդարանը, հանրային վստահութեան մակարդակէն անդին, գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները օրինականացնելու միակ հարթակն է։
“Ահա թէ ինչո՛ւ մեր իւրաքանչիւր ներկայացուցչի ընդհանուր պատասխանատւութիւնն է ապահովել քաղաքական գործընթացներու կարգաւորումը եւ արդարացնել հասարակութեան ակնկալիքները՝ կայունութեան, անվտանգութեան եւ արդարութեան առումով”,– ըսած է ան։
Ան նաեւ հաստատած է, որ երեսփոխանները կրնան իրեն վստահիլ երկխօսութեան, արդարութեան, իրաւահաւասարութեան եւ Ազգային ժողովի կանոնադրութեան, օրէնքներուն ու կանոնակարգերուն անվերապահօրէն հաւատարիմ մնալու հարցերուն մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։