Search
Close this search box.

ՊՈՒՔՐԷՇ – ԱԺ երեսփոխան Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի նիստին. «Իշխանութեան կողմէ կ՚ոտնահարուին ժողովրդավարական պետութեան առանցքային հաստատութիւնները»

Յունիս 30-ին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Լիլիթ Գալստեան ելոյթ ունեցած է Պուքրէշի մէջ կայացող (Յունիս 29-Յուլիս 3) Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի (ԽՎ) 31-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս՝ մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան նուիրուած նիստին։

Ան մասնաւորապէս նշած է.

«Յարգելի՛ գործընկերներ, պիտի խօսիմ Հայաստանի մէջ Մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան մասին։ Անվտանգային մնայուն մարտահրաւէրներու, ինչպէս նաեւ ներազգային պառակտուածութեան մթնոլորտին մէջ Հայաստան կը բախի կառավարման բռնատիրական վարչախումբի շարունակական հաստատման։

Շարք մը միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ արձանագրեեցին Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան մակարդակի անկման մասին՝ շեշտելով ոստիկանական ապօրինի գործողութիւնները, բռնութիւններն ու խոշտանգումները, ընդդիմադիրներու նկատմամբ ապօրինի քրէական հետապնդումները, խորհրդարանական եւ համայնքային ընդդիմադիր ընտրուած ղեկավար անձերու պաշտօնանկութիւնները, որոնք կը վկայեն իշխանութեան գլուխը գտնուող ուժին իշխանութիւնը իւրացնելուն եւ կեդրոնացնելուն մասին:

Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու նկատմամբ շինծու գործերով հետապնդումներն ու քաղաքական բռնաճնշումները դարձած են սովորական գործելաոճ։ Ըննդդիմադիր հայեացքներու հետեւանքով Հայաստանի հարիւրաւոր քաղաքացիներ ապօրինաբար բանտարկուած են, անոնցմէ շատերը միջազգայնօրէն ընդունուած չափանիշերու համաձայն քաղաքական բանտարկեալներ են։

Իշխանութիւնը կ՚ոտնահարէ ժողովրդավարական պետութեան առանցքային հաստատութիւնները։ Ատելութեան խօսքն ու բացայայտ թշնամանքը կ՚օգտագործուին լռեցնելու անոնք, որոնք կը համարձակին ընդդիմանալ վարչախումբին:

Դատական համակարգի անկախութեան վերաբերեալ խոր մտահոգութիւններ յայտնած է նաեւ Դատաւորներու Եւրոպական միութիւնը:

Հակառակ տասնեակներով հաղորդումներուն ու արձանագրուած փաստերուն, ո՛չ մէկ ոստիկան քրէական պատասխանատւութեան ենթարկուած է: Մենք նոյնիսկ ականատես եղանք ընդդիմադիր երեսփոխանի հետ կապուած միջադէպի, երբ տասնեակ մը ոստիկաններ զայն դաժանօրէն ծեծեցին իր կուսակցութեան գրասենեակին դիմաց։

Լայնամասշտաբ վերջին խաղաղ հանրահաւաքի ընթացքին ոստիկանութիւնը անիրաւաչափ ուժ եւ յատուկ միջոցներ կիրարկեց խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ, կը կրկնեմ՝ ԽԱՂԱՂ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ, որու հետեւանքով վիրաւորուեցան եւ բեկորային վնասուածքներ ստացան հարիւրէ աւելի ցուցարարներ, ներառեալ՝ 10 լրագրողներ։ Ոմանք հետագայ կենսունակութեան հետ կապուած խնդիրներ ունեցան։

Հայաստանի կառավարութիւնը գլխաւորողին կողմէ խրախուսուող ոստիկանական բռնութիւնները, Մարդու հիմնական իրաւունքներու եւ միջազգային չափանիշերու բացայայտ ոտնահարումները սպառնալիք են զարգացման ժողովրդավարական ուղին ընտրած հայ ժողովուրդին։

Յարգելի՛ գործընկերներ,

Կոչ կ՚ուղղեմ ձեզի՝ դատապարտելու Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան շարունակական անկումը եւ զօրակցութիւն յայտնելու իրաւական պետութիւն կառուցելու Հայաստանի քաղաքացիներու հաւատարմութեան։

Եզրափակելով՝ կը դիմեմ ԵԱՀԿ-ի ԽՎ-ի Մարդկային իրաւանց հարցերու զեկուցողին եւ կ՚առաջարկեմ այցելել Հայաստան, տեղւոյն վրայ ուսումնասիրել իրավիճակն ու կատարել համապատասխան հետեւութիւններ»։