Արցախի հանրապետութեան նախագահի` Սփիւռքի հարցերու խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեանի` վերջերս Հարաւային Ամերիկա կատարած աշխատանքային այցը խիստ մտահոգած է Պրազիլի մէջ Ազերպայճանի դեսպանութիւնը: Վերջինս յատկապէս այդ այցելութեան կապակցութեամբ բողոքագրով մը «անընդունելի» համարած է Սիմոնեանի` ձեռնարկներու մասնակցութիւնը եւ Արցախի դրօշը բարձրացնելը:
Բողոքի յայտարարութեան մէջ ազերպայճանական կողմը շարադրած է նաեւ կեղծ քարոզչական թեզեր, զորս տարիներէ ի վեր կը ներկայացնէ Պաքու՝ միջազգային հանրութեան մէջ փորձելով խեղաթիւրել Արցախահայութեան իրական պահանջները:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։