Պրիւսէլի մէջ Օգոստոս 31-ին կայացած Փաշինեան-Միշէլ-Ալիեւ հանդիպման աւարտին Եւրոպական խորհուրդի նախագահը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.-
«Մեր քննարկումները եղան բաց եւ արդիւնաւէտ, որու համար երախտագիտութիւն կը յայտնեմ երկու առաջնորդներուն։ Հանդիպման ընթացքին քննարկենք մեր օրակարգի բոլոր հարցերը։ Հաճելի է տեսնել, որ բաւական քայլեր առնուած են մեր վերջին հանդիպումին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները իրագործելու ուղղութեամբ։
Կողմերը համաձայնեցան շօշափելի ջանքեր գործադրել երկու երկիրներու միջպետական յարաբերութիւնները կարգաւորող խաղաղութեան պայմանագրի ուղղութեամբ յառաջանալու համար։ Առաջնորդները յանձնարարեցին Իրենց Արտաքին գործոց նախարարներուն մինչեւ մէկ ամիս հանդիպիլ՝ պայմանագրի բնագրի նախագծին վրայ աշխատելու նպատակով։
Հանդիպումին մանրամասն քննարկուեցան մարդասիրական խնդիրները, որոնց մէջ՝ ականազերծման, Ազերպարճանի մէջ պահուող հայ գերիներու եւ անհետացածներու ճակատագրին հարցը»։
Յայտարարութեան մէջ Շառլ Միշէլ ընդգծած է հայ գերիները ազատ արձակելու կարեւորութիւնը եւ խոստացած, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ զբաղիլ այդ հարցով։
Ան նաեւ շեշտած է՝ երկու երկիրներու բնակչութիւնը մնայուն ու կայուն խաղաղութեան պատրաստելու կարեւորութիւնը։ «Այս առումով կարեւոր է ճիշդ ուղերձներու յղումը հանրութեան, նկատի ունենալով, որ ներկայի զգայուն իրավիճակին մէջ հանրային որեւէ խօսք կը լսէ եւ անկէ հետեւութիւններ կ՚ընէ նաեւ միւս կողմը»,– ըսած է ան։
Յայտարարութեան աւարտին նշուած է, թէ կողմերը համաձայնած են նոյն ձեւաչափով կրկին հանդիպիլ Նոյեմբերի վերջը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։