Պրիւսէլի մէջ, Օգոստոս 31-ին տեղի կ՚ունենայ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը

 

Օգոստոս 31-ին, Պրիւսէլի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպայի խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի նոր հանդիպումը:

Լուրը հաղորդած է վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արմէն Խաչատրեան: Ան նշած է, թէ հանդիպումին կը քննարկուին այն հարցերը, որոնք ցարդ քննարկման առարկայ եղած են։