ՊՐԻՒՍԷԼ – Ազերպայճանը դատապարտող բողոքի ցոյց

Ի պաշտպանութիւն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքային ամբողջականութեան ու  միասնականութեան՝  Սեպտեմբեր 15-ին Պրիւսէլի մէջ, Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին դիմաց՝  Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Նետերլանտներէն ու դրացի երկիրներէն ժամանած Հայեր՝  Ազերպայճանը դատապարտող բողոքի ցոյց մը կատարած են: