Search
Close this search box.

ՊՐԻՒՍԷԼ – Արարատ Միրզոյեան՝ Նաթալի Լուազօն պարգեւատրած է Հայաստանի երախտագիտութեան շքանշանով

Փետրուար 12-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Պրիւսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահուհի Նաթալի Լուազոյի (Ֆրանսուհի) հետ։ Կողմերը քննարկած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին առնչուող հարցեր։

Նախարար Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է Լուազոյին՝ Հայաստանի համար առանցքային կարեւորութիւն ունեցող խնդիրները միջազգային հանրութեան ներկայացնելու եւ մարդասիրական արժէքներու պաշտպանութեան գործին մէջ ունեցած նշանակալից ներդրումին համար, զայն պարգեւատրելով Հայաստանի երախտագիտութեան շքանշանով։

***

Այս կապակցութեամբ երեսփոխանուհի Լուազօ X ընկերային ցանցի իր հաշիւին  գրած է.

«Ինծի համար մեծ պատիւ է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի ձեռամբ ստանալ երախտագիտութեան շքանշանը։

Աջակցիլ հայ ժողովուրդին՝ կը նշանակէ յիշել անոր պատմութիւնը, օգնել անոր՝ ներկայիս եւ հաւատալ անոր ազատ ու ինքնիշխան ապագային»: