Օգոստոս 19-ին, Պրիւսէլի մէջ կայացած է Հայաստանի հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար եւ Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հանդիպումը:
Այս մասին Թուիթըրեան իր էջին գրած է Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, որ ներկայ եղած է հանդիպման։
«Պրիւսէլի մէջ մենք արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցանք Հիքմեթ Հաճիեւի եւ Արմէն Գրիգորեանի հետ՝ հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ այդ գործընթացին մէջ Եւրոպական Միութեան մասնակցութեան հարցերուն շուրջ»,– գրած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։