Search
Close this search box.

ՊՐԻՒՍԷԼ – Եւրոպական խորհրդարանի «Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային և հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութիւն» բնաբանով համաժողովը

Յունուար 24-ին, Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Միրիամ Լեքսմանի նախաձեռնութեամբ եւ Եւրոպական ժողովրդական խմբակցութեան (EPP Group) հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած է «Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութիւն» բնաբանով համաժողովը։

Լուրը կը հաղորդէ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։

Բանախօսներու կարգին եղած են միջազգային իրաւունքի փրոֆ. Փիէր տ’Արժան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քարոզչական կեդրոնի տնօրէն եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերու գրասենեակի բաժնի վարիչ Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան, “The Armenian Cultural Heritage of Artsakh: Mechanisms for Protection in the International System for Preservation of Heritage” խորագրով գիրքի հեղինակ Արմինէ Տիգրանեան, Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան, «Europa Nostra» կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Սնեժքա-Քուատվլիխ Միխայլովիչ։

Համաժողովին ներկայ եղած են Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, հոգեւոր առաջնորդներ, լրագրողներ և հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Դեսպան Բալայեան անդրադարձած է Ազերպայճանի կողմէ իրագործուած ցեղային զտման, Արցախէն բռնի ուժով տեղահանուած Հայութեան ներկայ կացութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման յոյժ կարեւոր հարցին։ Ան նշած է, թէ քանի դեռ Ազերպայճան ծանր հետեւանքներ չէ կրած իր կործանարար եւ աղէտալի գործողութիւններուն համար, Ալիեւի վարչակազմը կը շարունակէ խախտել միջազգային իրաւունքը, միջազգային իրաւական կարգը եւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի պարտադիր որոշումները։

Դեսպանը ներկայացուցած է նկարները իր հայրենի գիւղին եկեղեցւոյ, որ քանդուած է ազերպայճանցի զինուորականներու կողմէ, եւ աւելցուցած, թէ անոնք միտում ունին շարունակելու այս աղէտալի քաղաքականութիւնը, քանի որ կը մնան անպատիժ։ Ան նաեւ լսարանի ուշադրութիւնը հրաւիրած է Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած «Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին» բանաձեւին վրայ՝ մատնանշելով վերջինիս գործադրման գործիքակազմերու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը։

Միրիամ Լեքսման, իր կարգին, մատնանշած է անպատժելիութեան ծանր հետեւանքները եւ անդրադարձած երկակի չափանիշերուն ու եւրոպական արժէքները քաղաքական նպատակայարմարութեան զոհաբերելու անթոյլատրելիութեան։

Փիէր տ՚Արժան ներկայացուցած է հարցին իրաւական երեսակը եւ անդրադարձած Արդարադատութեան միջազգային ատեանին մէջ սոյն հարցի քննարկման մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ ազերպայճանական կողմի հակադիր դիմումներուն։ Ան նշած է, թէ Ազերպայճան որդեգրած է Հայաստանի դիմումներուն փոխադարձ սկզբունքով հակադարձելու քաղաքականութիւնը՝ նպատակ հետապնդելով շեղելու միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը։

Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան անդրադարձած է Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պահպանութեան կարեւոր հարցին, կոչ ընելով պաշտպանելու Արցախի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը, յարգելու կրօնի, հաւատքի ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ կարելիութիւն ընձեռելու ԻՒՆԷՍՔՕ-ի անկախ գնահատման առաքելութեան ներկայացուցիչներուն այցելելու տարածաշրջան եւ փաստագրելու մշակութային յուշարձաններու կարգավիճակը: Ան ներկայացուցած է շարք մը մշակութային կոթողներ, որոնք կա՛մ ոչնչացուած են, կա՛մ օտարացուած, կա՛մ կանգնած են ոչնչացման վտանգին առջեւ։

Արմինէ Տիգրանեան ոչ միայն ներկայացուցած է Արցախի բուն կոթողներու վտանգի ենթարկուած ըլլալու հանգամանքը, այլեւ Արցախահայութեան ոչ-նիւթական արժէքներու, այդ կարգին՝ աւանդութիւններու եւ համայնքային կեանքի պահպանման կարեւորութիւնը։ Հեղինակին գիրքին օրինակները բաժնուած են համաժողովի բոլոր մասնակիցներուն։

«Europa Nostra»-ի ընդհանուր քարտուղարը խստօրէն դատապարտած է Ազերպայճանի կողմէ Արցախի մէջ իրագործուած ցեղային զտումը եւ ընդգծած, թէ իր ղեկավարած կազմակերպութիւնը բազմիցս ահազանգ հնչեցուցած է իրականացուող ոտնձգութիւններու մասին՝ շեշտելով Արցախի մշակութային ժառանգութեան կարեւորութիւնը եւրոպական քաղաքակրթութեան համար։ Ան յատկապէս ընդգծած է, թէ «հայկական ժառանգութիւնը նոյն եւրոպական ժառանգութիւնն է»։

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի իր եզրափակիչ ելոյթին մէջ շեշտած է Արցախի հայ ազգաբնակչութեան՝ իր պատմական բնօրրանը վերադառնալու իրաւունքի պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։