Search
Close this search box.

ՊՐԻՒՍԷԼ – Մեծ շուքով նշուեցաւ Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակը եւ Հայաստանի Ազգային տօնը 

Սեպտեմբեր 11-ին, Պրիւսէլի քաղաքապետարանի գողտրիկ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Շառլ Ազնաւուրի 100-րդ տարեդարձին նուիրուած համերգը, որուն յաջորդեց հանդիսաւոր ընդունելութիւն՝ ի պատիւ Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) անկախութեան 33-ամեակին։

Հանդիսութեան ներկայ էին Պելճիքայի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, երեսփոխաններ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, դիւանագէտներ, մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներ, հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի դեսպան, Եւրոպական Միութեան մէջ ՀՀ ներկայացուցչութեան ղեկավար Տիգրան Բալայեան։

Ան նախ կարդաց Ազերպայճանի մէջ ապօրինի բանտարկուած հայ պատանդներու անունները՝ ընդգծելով, որ անոնք զրկուած են անկախութեան տօնը նշելու կարելիութենէն։

Հայաստանի դեսպանը զուգահեռներ գծեց հայ ժողովուրդի անցած ճանապարհին եւ Շառլ Ազնաւուրի կեանքին միջեւ՝ նշելով, թէ մեծանուն հայ երգիչին Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան քաղաքացիութեան շնորհումը եւ ներկայիս անոր ընտանիքին՝ Հայաստան բնակելու հանգամանքը, խորհրդանշական երեւոյթ մըն է։ “Սա կը վկայէ, որ հայ ժողովուրդի՝ հայրենիքի որոնումը աւարտած է եւ 33 տարի առաջ Հայաստան վերագտած է իր անկախութիւնն ու դարձած՝ ՄԱԿ-ի լիիրաւ ինքնիշխան անդամ”,– յայտարարեց դեսպանը։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Ազնաւուր 100» խորագրով համերգը։  Ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Դաւիթ Մելքոնեանի, մենակատարութեամբ Գոռ Սուճեանի եւ Ինգա Արշակեանի, որոնց ճազային կատարողութեամբ հնչեցին Ազնաւուրի նշանաւոր երգերը։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ ճոխ ընդունելութեամբ։