Search
Close this search box.

ՊՐԻՒՍԷԼ – Միրզոյեան–Գոլոնա հանդիպումը

Դեկտեմբեր 11-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Պրիւսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Գաթրին Գոլոնայի հետ:

Երկուստեք ընդգծած են Հայաստան-Եւրոպական Միութեան գործընկերութեան զարգացման, ընթացիկ ծրագրերը գործադրելու ուղղութեամբ երկկողմ պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը։

Քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցեր: Արարատ Միրզոյեան ֆրանսացի պաշտօնատարին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի վերջին զարգացումները։