Աշխատանքային այցով Պրիւսէլ գտնուող Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով Յուլիս 19-ին հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Խոսէփ Պորէլի հետ։
Հանդիպումին Պայրամով յայտնած է թէ՝ «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ»։ Ան երախտագիտութիւն յայտնած է Եւրոպական խորհուրդին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու հանդիպումները հիւրընկալելուն եւ կարգաւորման գործընթացին մէջ ներդրում ունենալուն համար:
Կրկին յիշատակելով Երեւանի կողմէ մերժուող «Զանգեզուրեան միջանցք»-ը՝ Պայրամով ըսած է, թէ պատերազմէն ետք ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնը եւ երկու երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումները կը սահմանեն յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմնական ուղղութիւնները:
“Անոնցմէ մէկը հաղորդակցութեան ուղիներու, այդ կարգին` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումն է: Ան ամբողջովին կը համապատասխանէ Եւրոպական Միութեան հետ, երթեւեկութեան հաղորդակցութեան մեր օրակարգին”– շեշտած է ան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։