Վրաստանի Նինոծմինդայի շրջանի Գանձա գիւղը բնակող Ղազարեաններու ընտանիքին մէջ լոյս աշխարհ եկած է 14-րդ երախան։ Լուրը հաղորդած է jnews.ge-ն։
Ծննդաբերութիւնը տեղի ունեցած է Յունիս 21-ին, Ախալքալաք: Նորածին մանչուկին անունն է Դանիէլ։ Անոր մայրը՝ 43-ամեայ Վարդուհի Ղազարեան, ինքզինք շատ լաւ կը զգայ։ Ան ամուսնացած է 19 տարեկանին։
Ղազարեանները կ՚աշխատին սեփական հողամասին մէջ եւ կը զբաղին անասնապահութեամբ։
Զոյգը ունի 8 որդի եւ 6 դուստր։ Անոնցմէ 4-ը ուսանող են, միւսները՝ դպրոցական եւ նախադպրոցական տարիքի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։