Փարիզի արքեպիսկոպոս Լոռան Ուլրիխ (ձախին) եւ դատակազմի նախագահ Ամին Մաալուֆ (աջին) մրցանակը կը յանձնեն Ռեմոն Գէորգեանին
L’Œuvre d’Orient Հոկտեմբեր 1-ին Փարիզի մէջ շնորհեց իր 13-րդ գրական մրցանակը, որ կը պատուէ այնպիսի ստեղծագործութիւններ, որոնք կ՚արծարծեն Արեւելքի քրիստոնեաներու հարցերը եւ հակառակ ամէն ինչի՝ յոյս կը ցոլացնեն: Այս մրցանակին նպատակն է հանրութիւնը աւելի տեղեակ դարձնել Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակին՝ միաժամանակ ընդգծելով յոյսը, որ վառ կը մնայ անոնց մէջ՝ հակառակ անոնց առջեւ ծառացող ծանր մարտահրաւէրներուն:
Այս տարուան մրցանակը շնորհուեցաւ Ռեմոն Գէորգեանին, անոր՝ «Ցեղասպանութիւն մը լրումին հասցնել» (« Parachever un génocide ») աշխատութեան համար, զոր լոյս ընծայած է Odile Jacob հրատարակչատունը։
Ծանօթ պատմաբան եւ ցեղասպանութիւններու մասնագէտ Ռեմոն Գէորգեան կը բացայայտէ 1915 թուականէն յետոյ հայոց եւ յոյներու դէմ հալածանքներու շարունակութիւնը՝ լոյսին բերելով երիտթուրք ազգայնականներու եւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի կողմնակիցներու կազմակերպած համակարգուած բնաջնջման քաղաքականութիւնը: Այս պատմական հետազօտութեան մէջ,– որ հիմնուած է մանրակրկիտ, յաճախ ալ կսկծալի փաստաթուղթերու վրայ,– հեղինակը կասկածի տակ կը դնէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմքերը եւ անոնց հետեւանքները ժամանակակից Թուրքիոյ վրայ:
Այս աշխատութիւնը, որ ամբողջ կեանքի մը երկայնքին կատարուած ուսումնասիրութեան արդիւնք է, շրջադարձային կէտ է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու պատմագրութեան մէջ։ Ինչպէս նշած է այս մրցանակի դատակազմն ալ՝ «Ռեմոն Գէորգեան այս ոլորտի վարպետն է: Սոյն վճռորոշ գիրքը պիտի դրոշմէ պատմութիւնը՝ “առաջ”-ով եւ “յետոյ”-ով՝ երկու ազգերու կառուցման մասին մեր ընկալման մէջ»։
Մրցանակը յանձնեցին Փարիզի արքեպիսկոպոս Լոռան Ուլրիխ եւ Ֆրանսական կաճառի մնայուն քարտուղար եւ դատակազմի նախագահ Ամին Մաալուֆ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։