Յունիս 30-ին, լրագրողներու հետ ասուլիսին ԱԺ փոխնախագահ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարած է.-
“Հայաստան ունի քաղաքական կամք եւ ցուցադրել է այդ քաղաքական կամքը՝ արագ կարգաւորման հասնելու։ Գործընթացի յաջողութիւնը կախեալ է Թուրքիայի կառուցողականութիւնից եւ քաղաքական կամքից։ Ինչպէս տեսնում էք՝ մինչեւ այս պահն առանձնապէս մեծ առաջընթաց չկայ, դա տեսանելի է”։
Ան նշած է, թէ վերասահմանազատման հարց չի քննարկուիր, քննարկումներու մէջ այդպիսի հարց չկայ, աւելցնելով որ՝ քիչ մը տարօրինակ են Թուրքիոյ տարբեր պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները առ այն թէ՝ իրենք գործընթացը կը ներդաշնակեն Ազերպայճանի հետ։
Այն դիտարկումին, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն «Զանգեզուրի միջանցքի» նիւթը շրջանառութեան մէջ դնել, Ռուբինեան պատասխանած է, որ նման յայտարարութիւնները ո՛չ մէկ կերպով կը նպաստեն գործընթացին, թերեւս նոյնիսկ հակառակը՝ կը խանգարեն։ Երեսփոխանը շեշտած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցք» հասկացութիւն չկայ օրակարգի վրայ, ինչպէս նաեւ՝ Բերձորի միջանցքի եւ Ազերպայճանը Նախիջեւանի հետ կապող ճանապարհի կարգավիճակի բաժնով՝ որեւէ նմանութիւն չի կրնար ըլլալ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։