Search
Close this search box.

Ռուբէն Վարդանեանի կինը՝ Զոնապենտ. «Մասնագիտական մեծ խումբ մը կ՚աշխատի Վարդանեանը եւ արցախցի այլ բանտարկեալները ազատելու համար»

«Մեդիամաքս»-ին տուած հարցազրոյցին, Պաքուի մէջ ապօրինի բանտարկուած, Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի կինը՝  Վերոնիքա Զոնապենտ յյայտարարած է, թէ փաստաբաններու եւ իրաւապաշտպաններու մասնագիտական մեծ խումբ մը կ՚աշխատի Վարդանեանը եւ արցախցի այլ բանտարկեալները ազատելու համար։ 

“Ես շատ շնորհակալ եմ մեր ընկերներուն, որոնք ամէն օր կը փորձեն իրենց կարելին ընել”,– ըսած է ան։

«Եթէ ի սկզբանէ յայտնի ըլլար, որ այպէս պիտի աւարտէր իր ամուսնոյն Արցախ հաստատուիլը, ենթական այլ կերպ վարուած կ՚ըլլա՞ր» հարցումին Զոնապենտ պատասխանած է. “Իմ կարծիքով ան կ՚ենթադրէր, թէ ի՛նչ հետեւանքներ կրնար ունենալ իր որոշումը, բայց ոչ այս աստիճան բացասական բեմագրութեամբ։ Միաժամանակ վստահ որ նոյնիսկ այդ պարագային ան պիտի չփոխէր իր որոշումը։ Մեզի հասած նամակին մէջ ամուսինս գրեր է, թէ ո՛չ մէկ բանի համար կը զղջայ”։

Ազերպայճանցի իրաւապաշտպանները այցելած են Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի նախկին ղեկավարներուն

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Ազերպայճանի Խոշտանգումներու դէմ կոմիտէի նախագահ Թուրալ Հուսեյնով, փոխնախագահ Էլչին Շիրինով եւ իրաւաբանական վարչութեան պետ Ռովշան Մամետով այցելած են Անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժնին մէջ ապօրինաբար բանտարկուած Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին, նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին, Պաշտպանութեան բանակի նախկին փոխհրամանատար Դաւիթ Մանուկեանին եւ Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանին։

Շիրինովի համաձայն՝ այցի նպատակն էր «ստուգել բանտի պայմանները եւ բանտարկեալներու հետ վարուելու կանոնները»։

“Հանդիպումին վերոնշեալ անձերը գոհունակութիւն յայտնեցին բանտի պայմաններէն։ Անոնք նշեցին, որ իրենց համար պարբերաբար զբօսանքներ կը  կազմակերպուին, պայմաններ կը ստեղծուին իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ շաբաթական հեռաձայնային կապերու համար։ Անոնք ապահովուած են անհրաժեշտ գիրքերով, ունին հեռատեսիլ եւ ելեկտրոնային գրադարան, ինչպէս նաեւ կրնան օգտուիլ մարզասրահէն։ Իրենց ընտանիքներու խնդրանքով անոնց համար փաստաբան նշանակուած է։ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները անոնց յանձնած են հարազատներու ղրկած ծրարները”,– հաղորդած է Շիրինով։