Search
Close this search box.

Ռուբէն Վարդանեանի որդին՝ Դաւիթ Վարդանեան. «Հօրս ձերբակալութիւնը շատ յստակ ուղերձ էր, որ ո՛չ մէկ հայ ապահով է»

Ռուբէն Վարդանեանի կինը, քոյրը, որդին եւ Աֆէեան ամոլը՝ Լոնտոնի հայկական եկեղեցւոյ մէջ։

 

The Armenian Report-ին տուած հարցազրոյցին մէջ, Ռուբէն Վարդանեանի աւագ որդին՝ Դաւիթ Վարդանեան ըսած է. “Մենք պէտք է աւելի շատ խօսինք քաղաքական բանտարկեալներու մասին, պէտք է աւելի  շատ ճնշում բանեցնել Ազերպայճանի վրայ։ Բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք, թէ տեղի ունեցածը ամբողջովին կը հակասէ միջազգային չափանիշերուն, հետեւաբար պէտք է ցոյց տանք Ազերպայճանին, որ իր կեցուածքը կարելի չէ հանդուրժել”:

Ան նշած է, թէ Արցախի մէջ իր հօր աշխատանքը կը կեդրոնանար մարդասիրական ու կրթական նպատակներու վրայ։

“Ես մտահոգ եմ հօրս համար, բայց նաեւ մտահոգ եմ Պաքուի մէջ բանտարկուած բոլոր հայ գերիներուն ու պատանդներուն համար։ Կը կարծեմ, որ հօրս՝ Ռուբէն Վարդանեանի նման մարդու մը ձերբակալութիւնը շատ յստակ ուղերձ էր յղուած ամբողջ հայ ժողովուրդին, թէ ո՛չ մէկ հայ ապահով է եւ նման բան կրնայ պատահիլ մեզմէ իւրաքանչիւրին”,– աւելցուցած է Դաւիթ Վարդանեան։