«Ապագայ Հայկականը» շարժումը նախաձեռնող, «Աւրորա»-ի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան վստահ է, որ այդ շարժումին շնորհիւ կարելիութիւն պիտի ունենան աշխատելու միասնաբար, նոր լուծումներու ճանապարհներ քննարկելու եւ փոփոխութիւններ կատարելու:
Ան Շարժումը ներկայացնող քննարկման ընթացքին յայտնած է, թէ նախաձեռնութեան նպատակն է ցոյց տալ, որ հայ ազգը կ՚ապրի ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ սփռուած է ամբողջ աշխարհով, եւ իսկապէս կրնայ միաւորուիլ եւ միասնական եւ արդիւնաւէտ լուծումներ գտնել:
“Իրապէս կարեւոր է, որ մենք կարողանանք օգտագործել մեր հզօր կողմերը: Մենք ունինք Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող փայլուն մարդիկ, որոնք պէտք է զգան, որ միասին կրնանք փոխել մեր ապագան: Այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ յաջողութեան միակ ճանապարհը միասին աշխատելու, համագործակցելու ձեւն է, և մենք ալ պէտք է գիտակցինք, որ դէպի առաջ շարժելու ամէնէն ճիշդ ուղին համագործակցութիւնն է բոլոր օղակներու հետ”,– նշած է Վարդանեան:
Անոր համաձայն՝ հայ ժողովուրդին մեծ մասը սովորութիւն ունի ապրելու անցեալով, յիշելու անցեալի տխուր երեւոյթները: “Բոլորը ապագայի հանդէպ պէտք է մի՛այն լաւատես ըլլան եւ հասկնան, որ այսօր միակ ճիշդ տարբերակը ո՛չ ոչ թէ ետ, այլ առջեւ նայիլն է”:
Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի պատմական պատասխանատւութեան ու առկայ մարտահրաւէրներուն՝ Ռուբէն Վարդանեան առանձնացուցած երեք գաղափար.– “Տարիներ շարունակ հայ ազգին համար կրթութիւնը, գիտութիւնը կարեւոր տեղ գրաւած են: Ինծի համար այսօր այդ պահպանելը կարեւորագոյն հարցերէն է: Մեր նպատակներէն մէկը այն է, որ կրթուած Հայը կրկին օրինակ հանդիսանայ ամէնուն համար: Երկրորդը՝ Արցախը, որ ինծի համար կարմիր գիծ մըն է: Մենք պէտք է դուրս գանք զոհի կարգավիճակէն, մենք յաղթող ժողովուրդ ենք, ատիկա մեր արեան, ծիներուն մէջ պէտք է մտնէ, որ մենք կրնա՛նք եւ պարտաւո՛ր ենք յաղթելու: Երրորդ՝ պէտք է յստակ գիտակցինք, որ 21-րդ դարը մե՛ր դարն է, որուն ընձեռած հնարաւորութիւնները պէտք է օգտագործենք Հայաստանի զարգացման եւ լաւագոյն ապագայի համար, քանի որ մենք պատասխանատւութիւն ունինք մեր զոհուած տղաներուն, մեր երախաներուն եւ մեր ապագայ սերունդներուն առջեւ”,– ընդգծած է Վարդանեան։
Նշենք, թէ քննարկումը տեղի ունեցած է Յուլիս 7-ին, Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ:
«Ապագայ Հայկականը»-ի առաջին համաժողովը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ՝ 2022 Նոյեմբեր 11-էն 13։ Շուրջ 200 հայրենակիցներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն, պիտի քննարկեն առկայ խնդիրները, մարտահրաւէրները եւ պիտի ներկայացնեն անոնց լուծման ուղղուած առաջարկներ։
«Ապագայ Հայկականը» համաժողովին կրնան մասնակցիլ բոլորը՝ արձանագրուելով https://futurearmenian.com/convention/ պաշտօնական կայքէջին վրայ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։