Search
Close this search box.

Ռուբինեան. «Կայ մեծ խոչընդոտ մը Թուրքիա–Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացին առջեւ» 

Հոկտեմբեր 12-ին, «Խաղաղութեան խաչմերուկ. միաւորելով անվտանգութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը» խորագրով համաժողովին՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին առջեւ կանգնած է մեծ խոչընդոտ մը, որ Թուրքիոյ մէջ այս հարցին շուրջ քաղաքական որոշումի բացակայութիւնն է:

“Շատ կարեւոր է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը մնայ երկու պետութիւններու միջեւ: Կարգաւորումը եւ հաշտութիւնը երկու տարբեր բաներ են: Անոնք խոր թեմաներ են: Թուրքիոյ մէջ կայ այն սխալ ընկալումը, որ հայկական սփիւռքը  կամ հայկական սփիւռքի դիրքորոշումը եղած է կամ կը մնայ խոչընդոտ՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին: Բայց այդպէս չէ: Բազմիցս ապացուցուած է, որ այսպէս չէ: Ամէնէն մեծ խոչընդոտը Թուրքիոյ մէջ քաղաքական որոշումի բացակայութիւնն է՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու առումով: Եթէ վաղը որոշում կայացուի, վաղն ալ սահմանները կը բացուին”,– ըսած է ան: