Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին յայտնած է, թէ Երեւանի ու Անգարայի յատուկ բանագնացներու հանդիպում սա պահուս չէ նախատեսուած։ Ան այլ մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած։
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցերու բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ ցարդ պաշտօնական չորս հանդիպում ունեցած են, վերջինը շուրջ մէկուկէս տարի առաջ, Վիեննայի մէջ:
Նշենք, թէ ԵԱՀԿ-ի նախարարական համագումարին մասնակցած Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը ներկայացնելու ընթացքին ընդգծած էր Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման ու գոյացած համաձայնութիւններու իրագործման կարեւորութիւնը։
“Ինչպէս տեղեակ էք, մենք համաձայնութիւն ձեռք բերած ենք բանալու ցամաքային սահմանը 3-րդ երկիրներու եւ դիւանագիտական անցագիր կրող՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար, ինչ որ վերահաստատեց նախարար Ֆիտան, Հոկտեմբեր 23-ի մեր երկկողմ հանդիպման ընթացքին: Եւ նոյնիսկ յստակ ժամկէտեր նշուեցան՝ նկատի ունենալով յառաջիկայ շաբաթները, եւ կը յուսանք, որ մօտ ապագային մենք կեանքի կը կոչենք այս առաջին, սակայն բաւական շօշափելի քայլը”,– ըսած էր Միրզոյեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։