Search
Close this search box.

ՌՈՒՄԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Ռումանիոյ Պաքաու քաղաքին մէջ հայկական խաչքար-յուշարձանին բացումը կատարուած է

Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սերգէյ Մինասեան Յունիս 10-ին Պաքաու քաղաքին մէջ մասնակցած է հայկական խաչքար-յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։

Յուշարձանը զետեղուած է քաղաքին կեդրոնը՝ 1848-ին կառուցուած, սակայն 1977-ի երկրաշարժէն աւերուած հայկական եկեղեցւոյ վայրին մէջ։ Խաչքարը Հրազդան համայնքին նուէրն է զուգորդուած քաղաք հանդիսացող Պաքաուին։

Բացման արարողութենէն առաջ տեղի ունեցած է դեսպան Մինասեանի ու Պաքաուի քաղաքապետ Լուչիան-Տանիէլ Սթանչիու Վիզիթէուի հանդիպումը, որուն հեռավար ձեւաչափով միացած են նաեւ Հրազդանի ներկայացուցիչները։ Հրազդանի ղեկավարի տեղակալ Վարուժան Սաֆարեան ընթերցած է համայնքի ղեկավար Սեւակ Միքայէլեանի ուղերձը։

Յուշարձանի բացումին հետեւած է օծման արարողութիւնը՝ ձեռամբ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ եւ Պուլկարիոյ առաջնորդական տեղապահ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի։

Պաքաուի քաղաքապետը երեւոյթին անդրադառնալով նշած է,  որ խաչքարը ոչ միայն կրօնական եւ մշակութային արժէք կը ներկայացնէ, այլեւ կը խորհրդանշէ Հրազդան եւ Պաքաու համայնքներուն բարեկամութիւնը, յուսալով որ՝ յառաջիկային երկկողմ կապերը շօշափելի արդիւնքներով առաւել կ՚ամրապնդուին։

Ռումանահայ դերասանուհի Ֆլորին Գէորգեան ընթերցած է Ռումանահայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեանի ուղերձը:

Խաչքարի բացման հանդիսութեան աւարտին ներկաները ծաղկեպսակներ զետեղած են յուշարձանին առջեւ: