Search
Close this search box.

Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրով ժամանած է Հայաստան

Յունիս 8-ին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով պատուիրակութեան մը գլխաւորութեամբ ժամանած է Հայաստան։ Ան յաջորդ օրը՝ Յունիս 9-ին, Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Այնուհետեւ գլուխ-գլխի զրոյց ունեցած է Հայաստանի իր պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Աւարտին երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները մամլոյ ասուլիս մը տուած են եւ անդրադարձած քննարկուած հարցերուն։

Արարատ Միրզոյեան.– “Հայաստան շահագրգռուած է աշխուժացնելով Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործունէութիւնը”

Միրզոյեան ասուլիսին յայտարարած է, թէ Հայաստան շահագրգռուած է աշխուժացնելով միջազգային հանրութեան կողմէ միջնորդական լիազօրութեամբ օժտուած բանակցային ձեւաչափի` Մինսքի խումբի (ՄԽ) համանախագահութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման ուղղուած գործունէութիւնը, աւելցնելով թէ՝ ԼՂ խնդրի լուծման սկզբունքները մշակուած են Մինսքի խումբի համանախագահութեան կողմէ։

“Բնականաբար, այսօրուան մեր քննարկման առանցքը կը կազմէին Հայաստանի և Ազերպայճանի միջև յարաբերութիւններու կարգաւորման հնարաւոր փաստաթուղթին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման գործընթացին վերաբերող հարցերը։ Ես վերահաստատեցի ՀՀ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ ջանքեր գործադրելու տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ։ Այս շրջածիրին մէջ առանցքային է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հասցէագրումը, որ կը ներառէ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ բոլոր իրաւունքներու ապահովման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման առանցքային կէտերը”,– ընդգծած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը` յիշեցնելով, թէ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարները իրենց վերջին յայտարարութեամբ հաստատած են Մինսքի խումբի համանախագահութեան ներուժի եւ փորձառութեան օգտագործման կարեւորութիւնը` անոր միջազգային լիազօրութեան համապատասխան։

Լաւրով՝ Փառուխի մէջ ազերպայճանական ուժերու իրենց նախնական դիրքերը վերադառնալուն մասին

Իր կարգին ռուս դիւանագէտը պատասխանելով «Արմինֆօ»-ի հարցումին, թէ  ի՞նչ քայլերու կը դիմէ Ռուսաստան՝ Լեռնային Ղարաբաղի Փառուխ գիւղէն ազերպայճանական զինուած ուժերը իրենց նախնական դիրքերը վերադարձնելու ուղղութեամբ, յայտարարած է.– “Ռուս զինուորները այդ հարցը առաջնահերթ կը նկատեն։ Հոն որոշ արդիւնքներ կան լարումի մեղմացման առումով։ Մեր կարծիքով՝  սահմանազատման համար սկսած առարկայական աշխատանքներու շրջանակին մէջ է, որ այդ հարցերը պէտք է դիտարկուին ու անպայման պիտի լուծուին”։

Ազերպայճանի ԱԳՆ-ն դժգոհ է Ռուսաստանի ԱԳ նախարարէն

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Փառուխ գիւղին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ Լաւրովի վերոնշեալ յայտարարութեան։ 

“Կ՚ուզեմ նշել, որ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի կողմէ ստեղծուած սահմանազատման յանձնաժողովներու գործունէութիւնը երկու երկիրներու պետական սահմաններու սահմանազատման նպատակ կը հետապնդէ”,– ըսած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Լեյլա Ապտուլաեւա։

Ան ընդգծած է, որ «այդ գործընթացի շրջանակին մէջ չի նախատեսուիր ազերպայճանա-հայկական պետական սահմանէն դուրս որեւէ հարցի դիտարկում, այդ կարգին՝ ա՛յն տարածքներունը, ուր առժամաբար տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը»։