Search
Close this search box.

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն.– «Ռուսաստան տրամադիր է հետագային եւս օգնելու Երեւանին՝ պաշտպանութեան եւ սահմանային ապահովութեան ամրապնդման գործին մէջ»

 

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Օգոստոս 29-ին հրապարակած է յայտարարութիւն մը՝ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օժանդակութեան վերաբերեալ պայմանագրի ստորագրութեան 25-ամեակին առիթով, ուր մասնաւորապէս ընդգծուած է.-

«Պայմանագիրը մեծապէս սահմանած է Հայաստան-Ռուսաստան միջպետական յարաբերութիւններու սկզբունքներն ու առաջնահերթութիւնները: Սոյն փաստաթուղթը կարեւոր փուլ եղած է՝ երկկողմ գործընկերութիւնը իրական դաշնակցային մակարդակի բարձրացնելու ճանապարհին։ 

Անցած ժամանակաշրջանը համոզիչ կերպով ցոյց տուաւ, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ պատմական կապերու ամրապնդումը լիովին կը համապատասխանէ մեր ժողովուրդներու կենսական շահերուն, կը ծառայէ երկու երկիրներու ընկերային-տնտեսական բնագաւառներու զարգացման, Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ամրապնդման նպատակներուն:

Երկկողմ ներուժի ձեւաւորման համար որոշիչ նշանակութիւն ունին Ռուսաստանի եւ Հայաստանի ղեկավարութիւններուն միջեւ վստահութեան վրայ հիմնուած կանոնաւոր շփումները, որոնք կարելիութիւն կ՚ընձեռեն ո՛չ միայն լուծելու հրատապ հարցերը, այլեւ համակարգելու դիրքորոշումները տարածաշրջանային եւ միջազգային առանցքային խնդիրներու շուրջ»:

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը յիշեցուցած է, որ նախագահ Փութինի եւ վարչապետ Փաշինեանի միատեղ յայտարարութեան մէջ (2022 Ապրիլ 19-20) հաստատուած է 1997-ի պայմանագրով ամրագրուած սկզբունքներու հիման վրայ միջպետական յարաբերութիւնները համակողմանի խորացնելու եւ ընդլայնելու մտադրութիւնը:

«Տրամադիր ենք հետագային եւս առանցքային դաշնակցի դիրքերէն օգնելու Երեւանին՝ պաշտպանութեան եւ սահմանային անվտանգութեան ամրապնդման, դրացիներու հետ կապերու բնականոնացման գործին մէջ։

Համոզուած ենք, որ տարածաշրջանի կայունութեան ուղին 2020 Նոյեմբեր 9-ի, 2021 Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ համաձայնագրերու պահպանումն է: Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան ապահովման առանցքային գործօնը։

Մենք անկեղծօրէն կ՚արժեւորենք Հայաստանի հետ բարեկամութիւնը՝ յանուն մեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու բարգաւաճման»,– նշուած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: