Search
Close this search box.

Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավարը Հայաստան այցելած է

Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքին Յուլիս 18-ին այցելած է Հայաստան եւ հանդիպում ունեցած Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արմէն Աբազեանի հետ։ Քննարկուած են հետախուզական տեղեկատւութեան փոխանակման վերաբերող հարցեր։ Նարիշքին ռուսական լրասփիւռներուն հաղորդած է, թէ այս ուղղութեամբ խորհրդատւութիւնները կը շարունակուին եւ կողմերը յառաջիկայ տարիներուն համար աշխատանքային միացեալ ծրագիր կը մշակեն։ Ան ընդգծած է, թէ երկու երկիրներու գործակցութեան մակարդակը վստահելի է եւ օգտակար՝ թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Մոսկուայի։

Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավարը նոյն օրը տեսակցած է նաեւ վարչապետ Փաշինեանի հետ։ Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան` զրուցակիցները քննարկած են միջազգային և տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: Անոնք անդրադարձած են նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն:

Նշենք, թէ երեք օր տարբերութեամբ Երեւան այցելած են ԱՄՆ-ու եւ Ռուսաստանի հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարները։

Նարիշքին յայտարարած է, թէ երեւանեան իր այցը որեւէ կերպ կապուած չէ Սի.Այ.Էյ.ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզի Հայաստանի մայրաքաղաք այցին հետ։

“Իմ այցը այստեղ` Երեւան, որեւէ կերպ կապուած չէ ամերիկացի պաշտոնակցիս այցին հետ։ Բայց ես չեմ բացառեր, որ անոր այցը կապուած է իմ այցին հետ”,– կիսահեգնանքով ըսած է ան։