Ռուսաստանի Տումայի երեսփոխան Քոնսթանթին Զաթուլինի մուտքը Հայաստան արգիլուած է

 

Ռուսաստանի Պետական Տումայի Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) հարցերու յանձնաժողովի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլինի մուտքը Հայաստան արգիլուած է։ Հայաստանի Ազգային ժողովէն հաստատած են, թէ նման բովանդակութեամբ նամակ ղրկած են՝ հայաստանեան իշխանութիւնները քննադատող ռուս երեսփոխանին։

Զաթուլին՝ թելեկրամեան իր ալիքով Հոկտեմբեր 25-ին հրապարակած է Հայաստանի խորհրդարանի պաշտօնական գրութիւնը, ուր նաեւ ընդհանրական ձեւակերպմամբ նշուած է պատճառը.-

«ՀՀ Ազգային ժողովի ղեկավարութեան անունով կը յայտնենք որ, ցաւօք, Հայաստանի Հանրապետութեան մասին վերջին շրջանի ձեր յայտարարութիւնները կը վնասեն մեր պետութիւններու բարեկամական եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման։ Ատկէ մեկնելով՝ ապագային ձեր այցը Հայաստանի Հանրապետութիւն կը համարուի անբաղձալի»,– նշուած է ռուս երեսփոխանին ուղղուած նամակին մէջ։

Զաթուլին Երեւանի մէջ պիտի մասնակցէր ռուս եւ հայ գործիչներու «Լազարեւեան ակումբ»-ի նիստին։

Իշխանական երեսփոխան Հրաչեայ Յակոբեան (Աննա Յակոբեանի եղբայրը) այս կապակցութեամբ շեշտած է թէ՝ «անընդունելի են օտարերկրացի քաղաքական գործիչի հայաստանեան ներքաղաքական կեանքին վերաբերող յայտարարութիւնները»։

Զաթուլինի այցի արգելքին մասին գրած է նաեւ «Հայկական ժամանակ»-ը, նշելով թէ՝ ռուս դիւանագէտը բազմիցս մեղադրած է ներկայի իշխանութիւնը 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան համար, խառնուած է ներքաղաքական կեանքին, պահանջած՝ Փաշինեանի հրաժարականը։

Արձագանգ՝ Արցախէն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեան հաղորդագրութեամբ մը արձագանգած է երեսփոխան Զաթուլինի մուտքը Հայաստան արգիլելու մասին որոշումին:

«Այս լուրը խորը վրդովմունքով է ընդունուել Արցախի Հանրապետութիւնում: Զարմանալին այն է, որ Ռուսաստանում հայկական շահերի պաշտպան, Արցախի մեծ բարեկամ եւ հայամէտ երեսփոխանի մուտքն արգելուած էր Ադրբեջանում, իսկ հիմա՝ Հայաստանում:

Կոնստանտին Զատուլինը իր երեսփոխանական գործունէութեան ընթացքին, անկախ բոլոր արգելքներից եւ ճնշումներից, մշտապէս կանգնած է եղել Արցախահայութեան կողքին:

Հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալած ինչպէս հայ, այնպէս էլ օտարազգի գործիչների մուտքի արգելումը Հայաստան առաւել բարդացնում է առանց այն էլ մեր ծանր կացութիւնը: Նմանօրինակ գործելաոճն անընդունելի է: Սա ճանապարհ չէ…:

Յուսանք, որ այդ որոշումը կը վերանայուի»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

* * *

Միւս կողմէ, «Russia Today» լրասփիւռի խմբագրապետուհի Մարկարիթա Սիմոնեան եւս յայտարարած է, թէ Հայաստան իր մուտքը՝ նոյնպէս արգիլուած է։

Ան այս մասին տեղեկացուցած է թուիթըրեան գրառումով մը։